Ռուսական ուժերուն կողմէ Խարքովի մարզի Փերվոմայսքի քաղաքի հրթիռակոծութեան պատճառով վիրաւորներու թիւը հասած է 43-ի: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:
Վիրաւորներու շարքին կայ 12 երեխայ, ներառեալ երկու նորածիններ, որոնցմէ ամէնէն փոքրը երեք ամսու է:
Վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած 10 ամսու տղայի վիճակը կայունացած է, միւս երեխաները ստացած են թեթեւ բեկորային վնասուածքներ, կապտուկներ, սկրթուքներ:
Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազ Անտրէյ Քոսթինի համաձայն, քաղաքի կեդրոնը հարուածուած է «Իսքանտեր» տիպի հրթիռով:


