Քըրնեթ Սաուտայի մէջ քաղաքացիներ Հայսամ եւ Մալեք Թոքի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ Պշարրէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ իրաւունքը չի մեռնիր, եւ երիտասարդներուն թափած արիւնը յումպէտս հոսած կարելի չէ նկատել:
Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են օրէնքի գործադրութեան եւ կառչած կը մնան քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն ոճրագործները յանձնել համապատասխան մարմիններուն:
«Չենք փափաքիր հետաքննութիւնը կանխել, եւ լիբանանեան բանակին հանդէպ խոր վստահութիւն ունինք», ըսաւ Ժահժահ:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ուիլիըմ Թոք հաստատեց, որ իրենք չեն արտօներ, որ իրենց նահատակներուն արիւնը յումպէտս հոսի: «Մենք մեր հողերուն եւ հայրենակիցներուն արժանապատուութիւնը սակարկութեան չենք ենթարկեր, իսկ ինքնազսպումի իմաստով մեր կոչը բնաւ չի նշանակեր, թէ մենք կը զիջինք մեր նահատակներուն թափած արիւնը», հաստատեց ան:
Նշենք, որ Պշարրէի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայսամ Թոքի եւ Մալեք Թոքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ Քըրնեթ Սաուտայի դէպքը ցաւ պատճառած է` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան բանակին` պարտադրելու համար ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեն Պշարրէի բնակչութեան ինքնազսպումի ենթարկուելու` Քըրնեթ Սաուտա շրջանի վիճելի հարցին լուծումը վստահելով դատական իշխանութիւններուն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Քըրնեթ Սաուտայի մէջ սահմանագծումը կատարելու եւ սադրանքներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ Հայսամ եւ Մալեք Թոքերու սպանութեան պատասխանատուներուն ինքնութիւնը բացայայտելու եւ զանոնք պատժելու:
«Մենք պետութեան կը հաւատանք, մեր սահմաններն ու ոճրագործը գիտենք, եւ այս մէկը սովորական դէպք մը չենք նկատեր», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:


