Ռուսական ուժերը չորս ուղղութեամբ յառաջ կը շարժին: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիար:
«Ռուսական ուժերը յառաջ կը շարժին քանի մը ուղղութիւններով` Աւտէեւսք, Մարինսքի, Լիմանսքի: Ամէնուր թէժ է», յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը:
Մալիար նաեւ նշած է, որ շփման գիծի Զափորոժիէի հատուածին վրայ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կը բախին ռուսական ուժերու «բուռն դիմադրութեան»:
Միւս կողմէ, Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եուրի Ամպրազեւիչ յայտնեց. «Պիելոռուսիան միջնորդութեան չի ձգտիր, սակայն պատրաստ է իր դերը կատարելու ուքրանական ճգնաժամի լուծման գործին մէջ»:
«Մեր կարողութիւնները յայտնի են, եթէ պէտք ըլլայ, մենք մեր դերը պատրաստ ենք կատարելու: Միջնորդ դառնալ չենք խնդրեր, նախագահը բազմիցս ատիկա ընդգծած է: Սակայն պատրաստ ենք տրամադրելու այն ամէնը, ինչ որ ունինք, եւ արդիւնք ապահովել», ըսած է Ամպրազեւիչ:
Անոր համաձայն, Պիելոռուսիան հետաքրքրուած է ռուս-ուքրանական խաղաղութեան հոլովոյթով` սեփական անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
«Մենք կ՛ուզենք, որ մեր երկինքը խաղաղ ըլլայ, մեր տարածքը չռմբակոծուի եւ մեր ժողովուրդը կարենայ լիարժէք զարգանալ», ըսած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Նշենք, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարեց. «Ուքրանիան գիտէ, որ պատերազմի ժամանակ ՕԹԱՆ-ին անդամակցումը ընդհանրապէս կարելի չէ»:


