Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Յայտարարած Է Ուքրանիոյ Զինեալ Ուժերու Լայնածաւալ Յարձակումը Կանխարգիլելու Մասին

June 6, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը լայնածաւալ յարձակումի սկսած են Հարաւտոնեցքեան ուղղութեամբ, սակայն Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ յարձակումը կարելի եղած է կանխարգիլել: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշենքով յայտնած է, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կորսնցուցած են անձնակազմի 250 անդամ` նշելով. «Հակառակորդի նպատակն է ճեղքել մեր պաշտպանական գիծը, իրենց կարծիքով, ռազմաճակատի ամէնէն խոցելի հատուածին մէջ: Հակառակորդը չէ կատարած իր առջեւ դրուած խնդիրը, յաջողութիւն չէ ունեցած»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ «Արեւելեան» զօրքերու խմբաւորման հմուտ եւ գրագէտ գործողութիւններուն շնորհիւ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու կորուստները կազմած են աւելի քան 250 զինուոր, 16 հրասայլ, 3 հետեւակի մարտական մեքենայ եւ 21 զրահապատ մեքենայ:

Քոնաշենքով նաեւ նշած է, որ այս ուղղութեամբ յառաջապահ հրամանատարական կէտերէն մէկուն մէջ գտնուած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրքերու միաւորուած խմբաւորման հրամանատար, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ Ռուսիան կ՛աշխուժացնէ տեղեկատուական արշաւը:

«Ուքրանացիները բարոյալքելու եւ հասարակութիւնը (ներառեալ սեփական բնակչութիւնը) մոլորեցնելու համար ռուս քարոզիչները կեղծ տեղեկատուութիւն պիտի տարածեն հակայարձակման, ատոր ուղղութիւններուն եւ ուքրանական բանակի կորուստներուն մասին: Նոյնիսկ եթէ հակայարձակումը չըլլայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան Ֆիտանի Հետ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Իրան Այսօր Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Վերաբանայ

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.