Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ…»

June 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ»
(Յայտնութիւն Յովհաննու 3:11)

Յայտնութիւն Յովհաննուն Աստուածաշունչ մատեանի  66 գիրքերուն վերջինն է: Մեր պատանեկան տարիներուն քիչ մը մտահոգութեամբ, ինչպէս նաեւ վախով կը մօտենայինք այս գիրքին: Մեզի կը բացատրէին, որ այս գիրքին մէջ ներկայացուած պատկերները` պատերազմ, երկրաշարժ ու տակաւին այլ աղէտներ, ցոյց կու տան, որ աշխարհի կամ երկրագունդի վերջաւորութեան նախանշաններ էին անոնք: Եւ մեր պատանեկան հոգիներուն համար քիչ մը անախորժ էր կարդալ աշխարհի վերջը բնութագրող հատուածներ:

Բայց ժամանակի ընթացքին եւ սերտողութիւններուն ընդմէջէն սկսանք հասկնալ եւ տեսնել, որ այս գիրքը ոչ անպայմանօրէն կրնայ ներկայացնել աշխարհի վերջը: Անոր մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր հատուած արժէ վեր առնել եւ համեմատել զայն ներկայիս մեր ապրած կեանքին ու անոր իրավիճակներուն հետ եւ տեսնել, թէ Աստուծոյ խօսքը որքա՛ն իրական է մեր ապրած օրերու իրավիճակին հետ: Եւ անպայմանօրէն` ի՞նչ ըսելիք կրնայ ունենալ նոյն հատուածը մեր իրականութիւններուն հետ:

Այսօր Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին կը մօտենամ ակնածանքով, որովհետեւ անիկա իմ-մեր կեանքերուն կու տայ առաջնորդութիւն:

Հայաշխարհը տագնապ կ՛ապրի… Իւրաքանչիւր հայ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, իր սրտին մէջ շալկած է մտահոգութիւն, յուսահատութիւն, յուսախաբութիւն ու երեւի պոռթկում եւ… ցաւ: Հայուն արժէքը` Արցախը, կը սակարկուի… Եւ արժէքը կեանք է, որ պէտք է «ամուր բռնել»: Արցախը եւ անոր 120.000 մեր քոյրերն ու եղբայրները մեր համահայկական կեանքի անքակտելի մասերն են, եւ զանոնք պէտք է «ամուր բռնել»:

Այսօր Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքը կը խօսի իւրաքանչիւր հայուն: Ան ունի պատգամ մը` մեր ապրած ներկայ օրուան կեանքի համար: Կը խօսի հայուն արժէքին, իմա` «պսակ»-ին մասին եւ կը յորդորէ մեզ, որ ամուր բռնենք զայն: Եւ պէտք է ամուր բռնենք, «որպէսզի մէկը չառնէ պսակը»: Իսկ մե՞ր պարագային: Յայտնութիւն Յովհաննուն կը խօսի այն բանի մասին, որ «չտանք» Արցախը, որպէսզի մէկը «չառնէ զայն»:

Այսօր կանչուած ենք մեր կեանքի արժէքը` Արցախը, մեր «պսակ»-ը ամուր բռնելու: Որպէսզի մէկը չառնէ զայն, իմա` մեր «պսակ»-ը, պարտինք զայն չտալ: Հայն է, որ պիտի չտայ զայն…

Արցախը համայն հայութեան արժէքն է եւ` մեր «պսակ»-ը, որ անսակարկելի է:

Եւ` այն արժէքը, որ չի սակարկուիր, պարտինք «ամուր բռնել»…

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Ներսէս Կիւզելիմեան

Յաջորդը

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.