Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեացքը` Լուսաստղին Մայիս 28

May 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ինչպէս կ՛ուզէք բանաձեւեցէք անոր խորհուրդը, ան է՛ ու կը մնայ միակ լուսաստղը, որ մեր ուղեցոյցն է, մեր անփոխարինելի՛ լուսաստղը, մեր անշե՛ղ ուղեցոյցը:

«Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ»: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ մեզի 28 ՄԱՅԻՍ-ը: Ինչպէս կ՛ուզէք որակեցէք մեր գաղափարականի այս զոյգ բանաձեւումները` երազատեսութիւն թէ ցնորապաշտութիւն, պէտք չէ մտահան ընել, որ անոր հաւատքով դիմացանք մենք` տարագիր հայութիւնս Մեծ եղեռնէն ետք ամբողջ 70 տարի մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, այդ հաւատքով ալ դիմացաւ հայրենահայութիւնը, որքան որ ամէն ճիգ թափուեցաւ թշնամիին ու բարեկամին կողմէ` նսեմացնելու մեր այդ հաւատքը, պարպելու մեր հոգիները անոր ներգործութենէն:

ՄԱՅԻՍ 28:

Այո, մեր պատմութիւնը ունի ուրիշ յաղթանակներու շատ թուականներ, ինչպէս եւ ունի պարտութիւններու թուականներ, ունի մեծ խորհուրդներ բովանդակող իրադարձութիւններ, սակայն մեր գոյատեւման ապահովումը` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերով ու Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը կը հանդիսանան հայոց պատմութեան նոր ժամանակներու ամէնէն կարեւոր իրագործումը: Եթէ մինչեւ 1991 բոլորս չէ, որ կը դաւանէինք այս իրողութեան, անկէ ասդին չեմ կարծեր, թէ որեւէ ազգային կուսակցութիւն, որեւէ ազգային ուժ այլեւս տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերէ:

Սա յաղթանակն է գաղափարին:

Այսօր այդ գաղափարի կրողն են աւանդական ազգային երեք կուսակցութիւնները, եւ այդ գաղափարի կրողը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան թէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ գործող կուսակցութիւնները, բացայայտօրէն զայն ընդունած ըլլան, թէ ոչ: Այլապէս ի՞նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ անոնք հայաշխարհի մէջ: Կրնա՞ն ընդդիմանալ «Ազատ-անկախ-միացեալ»-ին ու տակաւին ինքզինք հայ կարծել, կրնա՞ն ուրանալ կենսականութիւնը «Ամբողջական Հայաստան-ամբողջական հայութիւն» յղացքին ու յաւակնիլ գործելու հայութեան ու հայրենիքի հզօրացման ի խնդիր: Բոլոր կուսակցութիւնները` աւանդականներն ալ, նորերն ալ, կրնան ունենալ, ունի՛ն իրենց տարբեր տնտեսական, ընկերային թէ այլ ոլորտներու հասկացութիւնները` կառավարելու մեր հայրենիքն ու հայաշխարհը, սակայն ազգի գոյութեան վերաբերեալ դժուար թէ այլ ըմբռնում կարելի ըլլայ երեւակայել:

ՄԱՅԻՍ 28:

Այո՛, ի հարկէ կայ դաստիարակութեան կարիքը, որ այս ըմբռնումը ընդհանրանայ: Սփիւռքի մէջ ըլլայ, թէ հայրենիքի: Պէտք է ընդունիլ, որ այս մարզին մէջ մենք աւելի քան հարիւրամեայ թերացում  արձանագրած ենք: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան կորուստէն ետք, 1920-1921-էն ասդին մեր ամբողջ ճիգը պիտի ըլլար կրթել մեր ժողովուրդը, որ հաւաքաբար հաւատար ՄԱՅԻՍ 28-ի Գաղափարին, որ ան միայն փոքրամասնութեան մը հաւատամքը չըլլար: Այսինքն հաւաքաբար ստանձնուէր Հայ դատի հետապնդումը: Երկար, շատ երկար ժամանակ առաւ, որ իրականութիւն դառնար այս կազմակերպակա՛ն մակարդակի վրայ: Իսկ անհատակա՞ն:

Որքան շատ էին անոնք, որոնք ջերմ պաշտպաններն էին լեզուի պահպանման, մշակոյթի փոխանցման, սակայն կը հակառակէին քաղաքականացման աշխատանքին, քաղաքակա՛ն աշխատանքին, այսինքն` Դատին` առանց անդրադառնալու, որ մէկը առանց միւսին անիմաստ կը դառնար: Ափսո՜ս, դեռ ալ կան այդպէս մտածողներ ոչ միայն ընդհանուր հասարակութեան մէջ, այլեւ նոյնիսկ մտաւորականութեան, ընտրանիին:

Չեն անդրադառնար անոնք, որ եթէ ճիշդ է, թէ հայրենի հողերու ազատագրումը եւ հայութեան համախմբումը քաղաքական, այլեւ ռազմական գործունէութեամբ է, որ կրնայ իրականանալ, ճիշդ է նաեւ, որ այդ ազատագրումն ու համախմբումը մեր լեզուն պահելու, մեր ինքնութի՛ւնը պահպանելու նպատակով է, մեր մշակոյթը զարգացնելու, քաղաքակրթութեան մեր սեփական ներդրումը ունենալ կարենալու համար: Ճիշդ է նաեւ, որ ինքնութեան պահպանումը պայման է Դատը հետապնդել կարենալու համար: Երկուքը անքակտելիօրէն շաղկապուած են իրարու: Այս դաստիարակութիւնը մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ: Առանց այդ դաստիարակութեան ինչպէ՞ս ունենալ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող բանակ եւ ինչպէ՞ս ունենալ մայրենիքի անաղարտութիւնը պաշտպանող վաշտեր:

ՄԱՅԻՍ 28:

Ինքնութիւնը պահել` Դատը հետապնդելու համար, Դատը հետապնդել` ինքնութիւնը պահպանելու համար: Հող եւ մշակոյթ: Մշակոյթ եւ հող:

Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի ա՛յս պիտի ըլլայ մեր կրթական ծրագրերու հիմքը, անկախ որեւէ կուսակցական, դաւանական կամ այլ պատկանելիութիւններէ: Ահա ուղի մը երկարաժամկէտ համազգային աշխատանքի մը համար:

Բայց այս կը նշանակէ միասնական ծրագրում, կը նշանակէ կռուաններու ստեղծում, կը նշանակէ անդուլ ջանք ու ճիգ: Բոլորի՛ն մասնակցութեամբ:

«Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ»… կարգախօսերու կը վերածուին պարզապէս, եթէ չգիտակցինք, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունինք զանոնք կեանքի վերածելու համար: Ապրումի՛: Ամէնօրեա՛յ ապրումի:

ՄԱՅԻՍ 28:

Մեր լուսաստղը, որուն ուղղուած պիտի ըլլայ մեր հայեացքը այսօր եւ ընդմիշտ:

«Դրօշակ», մայիս 2023

Նախորդը

Ահագնագոռ Ղօղանջներ Սարդարապատէն

Յաջորդը

Կենա՛ցդ, Հայրենի՛ք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.