Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Վրաստանի կառավարութիւնն ու սեփական մարզը կրկին զգուշացուցած է անոնց դէմ Միացեալ Նահանգներու միակողմանի պատժամիջոցներու հաստատման կարելիութենէն` Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման պատճառով:
«Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի մէջ ռուսական օդանաւերուն, ապա բազմաթիւ արեւմտեան երկիրներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, կ՛արգիլեն ռուսական օդանաւերու իրենց օդային տարածք մուտքը: Մեզ կը մտահոգէ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու վերականգնումը: Ասիկա կրնայ նշանակել, որ ընկերութիւնները, վրացական օդակայանները կրնան յայտնուիլ արեւմտեան պատժամիջոցներու սպառնալիքի տակ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
«Հիմա Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւն զարգացնելու ժամանակը չէ», պնդած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 10 մայիսին հրամանագիր ստորագրեց 15 մայիսէն Վրաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը վերցնելու առնչութեամբ: Մէկ այլ հրամանագիրով ան ջնջեց ռուսական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու եւ դէպի Վրաստան զբօսաշրջութեան կազմակերպման արգելքը, որ կը գործէր 2019 թուականէն ի վեր:
Ռուսական «Ազիմութ» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւը 19 մայիսին «Վնուքովօ» օդակայանէն թռիչք առնելով էջք կատարեց Թիֆլիսի մէջ, ինչ որ վերջին 4 տարուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ առաջին ուղիղ թռիչքն էր: Օդանաւը Թիֆլիսի մէջ դիմաւորուեցաւ բողոքի ցոյցերով:
20 մայիսին Վրաստանի քաղաքային թռիչքներու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Ճորճիըն Էրուէյզ»-ը սկսած է դէպի Ռուսիա ուղիղ թռիչքներ կատարել: Ռուսական «Ռետ Ուինկզ» ընկերութիւնը իր կարգին յունիսին պիտի սկսի դէպի Վրաստան թռիչքներուն:


