Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

May 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880-ին: Զաւակը` Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններու: Ունեցած է եօթը քոյրեր, եղած է ծնողներուն երէցը եւ միակ մանչ զաւակը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ:

1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճին մէջ:

1902-ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտութեան դպրոցի դասընթացքներուն: Աւարտելէ ետք, 1906-ին վերադարձած է Մարաշ եւ աշխատած է գերմանական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ վիրաբուժի օգնական, 1911-1914, եւ իբրեւ վիրաբուժ` 1914-1920:

Ատանայի հիւանդանոցին մէջ եղած է գլխաւոր բժիշկ, 1920-1921:

Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն դարձած է բժշկապետ եւ Մարաշի թուրք զինուորներու վիրաբուժապետը: Մեկնած է Գերմանիա, ուր հետեւած է մասնագիտական ծրագիրներու:

1923-1925 գործած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ գլխաւոր վիրաբուժ: Ապա անցած է Հալէպ, ուր գործած է իբրեւ բժիշկ. իր դարմանատունը հաստատած է Խանտեք փողոցին վրայ:

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան

Լծուած է Կիլիկիոյ տեղագրութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին մէջ:

Աշխատակցած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն» հատորին (Նիւ Եորք, 1934) եւ «Մարաշի հայ աշուղներն ու գրագէտները» աշխատասիրութեան: Նաեւ պատրաստած է Մարաշ քաղաքին քարտէսը: 1966-ին հրատարակած է «Հայկական Կիլիկիա» տեղագրութիւնը:

Բժիշկ Յ. Տէր Ղազարեանի «Հայկական Կիլիկիա»-ն, 1966

Եղած է ազգային եւ հասարակական անձնաւորութիւն: Ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի Քաղաքական եւ Գաւառական ժողովներու մէջ:

Մարաշի մէջ անդամակցած է ՀՅԴ-ին:

Մարաշի մէջ վեց տարի նշանուած մնացած է Ովսաննա Եագուպեանին հետ, սակայն խզուած է նշանածէն ու ամուրի մնացած է մինչեւ կեանքին վերջը:

Իր ազգանուէր ծառայութիւններուն համար Խորէն Ա. կաթողիկոս իրեն շնորհած է «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանը:

Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան մահացած է 1975-ին, 95 տարեկանին:

Հալէպ հրատարակուած «Կիլիկիոյ իշխանը` տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան» գիրքը 2012-ին

2012-ին Հալէպի մէջ հրատարակուած է «Կիլիկիոյ իշխանը` տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան» հատորը Հալէպի Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ` ի յարգանք տոքթորին եւ անոր կատարած ազգանուէր գործունէութեան: Հատորը խմբագրած է տոքթ. Թորոս Թորանեան (*):

(*) Տէրունեան, Կարօ, դիմատետր, 27 փ  ետրուար 2023:

Մոնրէալ,  20 մարտ 2023

Աղբիւրներ.

  1. Ուիքիփետիա, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան:
  2. Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին (յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
  3. «Հայկական Կիլիկիա», բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Հալէպ, 1966:
  4. Թորանեան, Թորոս, «Հայ բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ», Հալէպ, 2012:
Նախորդը

Երգելով Մեռնի՞լ, Թէ՞ Ապրիլ

Յաջորդը

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.