Գերմանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող յառաջապահ Հիւկօ Էքիթիքէ, շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Գերմանիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է փարիզեան ակումբի ղեկավարութեան:
2022-2023 տարեշրջանին 20 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 30 մրցում, նշանակած 4 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:
Ներկայիս, Էքիթիքէի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով:


