«Պրիւքսելեան ձեւաչափ»-ով հերթական հանդիպումը կարեւոր է կողմերուն միջեւ բարձրագոյն մակարդակով երկխօսութիւնը խրախուսելու տեսանկիւնէն: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` 14 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
«14 մայիսին, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ այս ձեւաչափով Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կողմէ կազմակերպուած հինգերորդ հանդիպումը օգտակար եւ արդիւնաւէտ կը նկատենք երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգը յառաջ մղելու առումով: Հանդիպման ընթացքին միտքերու հանգամանալից փոխանակում տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի խաղաղ համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ համաձայնութեան գոյացման, սահմաններու սահմանազատման եւ հաղորդակցութեան վերականգնման ոլորտներուն մէջ որոշակի արդիւնքներու հասնելու համար:
«Յատկապէս կարեւոր է պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի յաւելեալ հաստատումը, Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութեան ընդունումը այս ծիրին մէջ:
«Մենք կը յայտարարենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, հիմնուած` իրարու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու փոխադարձ ճանաչման ու յարգման վրայ, միակ ուղին է` ապահովելու կայուն խաղաղութիւն եւ շրջանին մէջ կայունութիւն:
«Մենք կ՛ողջունենք այս ուղղութեամբ ջանքերը` նպաստելով յարաբերութիւններու կարգաւորման յառաջընթացի ձեռքբերման, վերահաստատելով մեր պատրաստակամութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը այդ նպատակը հետապնդող միջազգային գործընկերներու հետ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:


