Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ հայերը, իբրեւ թէ, Ազրպէյճանի մէջ 30 տարիներու ընթացքին «մշակութային ցեղասպանութիւն» գործած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Արաբական լիկայի օրէնսդիր կառոյցի` Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ատել պըն Ապտել Ռահման Ասումիի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ան յայտնած է, որ «հայերու կողմէ գրաւուած» տարածքներուն մէջ ոչնչացուած է իսլամական նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, մասնաւորաբար, աւերուած են 67 մզկիթներէն 65-ը:
Ալիեւ Արաբական խորհրդարանի նախագահին ըսած է, որ Ազրպէյճան հիմա շինարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներ կը կատարէ այդ տարածքներուն մէջ:


