Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Վերահաստատած Են Իրենց Հաւատարմութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան

May 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծած է, թէ ունեցած են բաց, անկեղծ եւ արդիւնքի հասնելու միտուած քննարկում: «Անոնք կեդրոնացած են յառաջընթացի վրայ` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով: Ղեկավարները կը կիսեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը: Ես բարձր կը գնահատեմ անոնց համապատասխան ջանքերը: Միասին մենք քննած ենք մեր օրակարգին վրայ գտնուող բոլոր հարցերը», յայտարարած է Միշել:

Ան նշած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած դրական բանակցութիւններէն ետք պէտք է պահպանուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ վճռական քայլեր ձեռնարկելու թափը:

«Սահմանային հարցերուն մէջ մենք քննած ենք յառաջընթացը եւ սահմանի սահմանազատման առնչուած յաջորդ քայլերը: Այս ծիրին մէջ ղեկավարները համաձայնած են սահմանային հարցերու շուրջ երկկողմանի հանդիպումներու վերսկսման շուրջ: Ղեկավարները վերահաստատած են իրենց աներկբայ հաւատարմութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ Հայաստանի (29.800 քառակուսի քիլոմեթր) եւ Ազրպէյճանի (86.600 քառակուսի քիլոմեթր) համապատասխան տարածքային ամբողջականութեան: Սահմանի վերջնական սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացուի բանակցութիւններու միջոցով», յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Ան նաեւ նշած է, որ կողմերը յստակ յառաջընթաց արձանագրած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած քննարկումներուն: «Այս նիւթին շուրջ կողմերու դիրքորոշումները արդէն իրարու մօտ են, մասնաւորաբար Նախիջեւանի հետ եւ այդ հատուածով երկաթուղային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու հարցին մէջ: «Անոնց համապատասխան խումբերուն յանձնարարուած է վերջնական տեսքի բերել համաձայնագիրը երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման պայմաններուն եւ միացեալ շինարարական աշխատանքներուն մասին` որոշակի ժամանակացոյցով: Անոնք համաձայնած են այս աշխատանքին համար օգտուիլ Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութեան աջակցութենէն», ըսած է Միշել:

Անդրադառնալով մարդասիրական հարցերուն` Միշել ընդգծած է, որ եղած է հասկացողութիւն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ազատ պիտի արձակուին մնացեալ պահուող անձերը: «Ես նաեւ ընդգծած եմ հասկացողութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը առ այն, որ զինուորները, որոնք պարզապէս մոլորուած եւ հակառակ կողմ անցած են, պիտի շարունակեն արագացուած կարգով ազատ արձակուիլ: Մենք նաեւ քննարկած ենք անյայտ կորսուածներու ճակատագիրները յստակացնելու եւ ականազերծման աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը», ըսած է Միշել:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ շարունակած են քննարկումները «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցին վերաբերեալ: Ես Ազրպէյճանին կոչ ուղղած եմ միջազգային ընտանիքին հետ սերտ համագործակցութեամբ մշակելու դրական օրակարգ` այդ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:

Միշել աւելցուցած է, որ կարեւոր է թշնամական հռետորաբանութենէն զերծ մնալ, բարեխիղճ գործել, ինչպէս նաեւ ղեկավարութիւն դրսեւորելը փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելու համար: «Մենք թաքուն ծրագիրներ չունինք: Մեր միակ նպատակն է Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնել հասնելու համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան: Մենք պատրաստ ենք մեր ներդրումը ունենալու անոնց միացեալ ջանքերուն մէջ: Մենք համաձայնած ենք Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ կատարել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է: Ղեկավարները յուլիսին կրկին  պիտի հանդիպին Պրիւքսելի մէջ: Եւ, ինչպէս արդէն հրապարակաւ յայտարարուած է, ամէնէն մօտ ժամկէտներու մէջ մենք կրկին պիտի հանդիպինք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ` Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական հանրութեան երկրորդ վեհաժողովի հարթակին վրայ: Ես մտադիր եմ նաեւ ղեկավարները հրաւիրել մասնակցելու նմանատիպ յաւելեալ հանդիպումի Եւրոպական քաղաքական հանրութեան երրորդ վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ», եզրափակած է Միշել:

Եւրոպական խորհուրդի բանբեր Պարենտ Լէյթս աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպման արդիւնքին վերաբերեալ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի յայտարարութեան նախնական տարբերակին մէջ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ սխալ թիւ հրապարակուած է:

Յայտարարութեան նախնական տարբերակին մէջ, որ հրապարակուած էր Եւրոպական խորհուրդի կայքին վրայ, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իբրեւ թիւ նշուած է 89600 քառակուսի քիլոմեթր, որ ետքը խմբագրուած եւ դարձած է 86600 քառակուսի քիլոմեթր:

«Նախագահ Միշելի մամլոյ յայտարարութեան մէջ սխալմունք կար: Նախագահին ակամայ սխալ թիւ տրամադրուած է: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան համար ճիշդ թիւը 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրն է: Սխալը անմիջապէս սրբագրուած է յայտարարութեան տպագիր տարբերակին մէջ», գրած է Լէյթս:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի համար իբրեւ տարածք նշուած 86600 քառակուսի քիլոմեթրը կը նեռարէ Արցախը եւ Նախիջեւանը:

 

Նախորդը

Պաքու Պրիւքսելեան Հանդիպումին Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Տարածած Է

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.