Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին բացումը Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, ապա խօսք առին Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան եւ ժապաւէնի բեմադրիչ Իսամ Նաժի: Յաջորդեց ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Աւարտին եգիպտացի բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Ձեռնարկին յաւելեալ մանրամասնութեամբ կ՛անդրադառնանք հետագային:


