Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերձորի Միջանցքին Վրայ Ազրպէյճանի Կողմէ Անցարգելի Հաստատման Վերաբերեալ Միջազգային Կեցուածքներ

April 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական բանակը շաբաթ, 22 ապրիլին փակեց Հայաստանը Արցախի կապող Հակարիի կամուրջը, որ Բերձորի միջանցքին մէջ է` ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ: Պաքու յայտարարեց, որ տեղադրած է նոր անցակէտ, որուն մասին տեղեկացուցած է ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը եւ ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնը:

Ուաշինկթըն. «Ազրպէյճանական Անցակէտի Տեղակայումը Կը Խաթարէ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վստահութիւն Հաստատելու Ջանքերը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Բերձորի միջանցքին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի ապօրինի տեղադրման, ըսաւ. «Հարաւային Կովկասի մէջ այս հարցը (հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները, «Ա.») բան մըն է, որ ինքը` արտաքին գործոց նախարարը, խորապէս կը գնահատէ եւ մեծ նշանակութիւն կու տայ անոր: Եւ ինչպէս տեսաք` շաբաթավերջին մենք յայտարարեցինք, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի ստեղծումով: Անկեղծօրէն, ատիկա կը խաթարէ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ վստահութիւն հաստատելու ջանքերը, եւ մենք այն կարծիքին ենք, որ Լաչինի միջանցքին մէջ պէտք է ըլլայ մարդոց եւ բեռներու ազատ եւ բաց տեղաշարժ: Աւագ խորհրդական Պոնոն, արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հոկընը, արտաքին գործոց նախարարը` մենք կը պատրաստուինք շարունակել խորապէս ներգրաւուած մնալ այս հարցին մէջ»:

Ժոլի. «Լաչինի Միջանցքին Մէջ Ազրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Խաթարէ Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

Լաչինի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Յայտարարութիւնը Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի անունով է:

«Քանատան խորապէս մտահոգուած է Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի ստեղծումով Լաչինի միջանցքին մէջ, որ միակ ցամաքային կապն է Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջապատող շրջանի միջեւ:

«Այս գործողութիւնը ակնյայտօրէն կը խաթարէ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթն ու կայունութիւնը:

«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք վերաբանալու Լաչինի միջանցքը: Անիկա պէտք է բաց մնայ ու անարգել` թոյլ տալու մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը:

«Քանատան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ վերսկսելու բանակցութիւններուն եւ զերծ մնալու սահմանի երկայնքին հետագայ սրումէն կամ թշնամական գործողութիւններէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Կալուզին Կ՛ընդգծէ Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Կարգաւորման Ջանքերու Աշխուժացման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.