Քրեմլինի պաշտօնական կայքը հրապարակեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը` նշելով. «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան զարգացումը` շեշտը դնելով շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործնական խնդիրներու լուծման վրայ: Լաչինի միջանցքին մէջ կացութեան ներկայ սրման լոյսին տակ վերահաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հիմնարար համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակի խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը:
«Ռուսիոյ նախագահը համերաշխութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին սգոյ օրուան` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով:
«Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու տարբեր մակարդակներով հաղորդակցութիւնները»:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը իր կարգին հաղորդեց, որ քննարկուած են Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան վերաբերող հարցեր: