Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսին Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ Չկան

April 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի Դիւանը
Այսօր Պիտի Գումարէ Ժողով Մը 

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որմէ բացակայեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարներ Պասսամ Մաուլաուի եւ Եուսեֆ Խալիլ:

Թէեւ Մաուլաուիի եւ Խալիլի ներկայացուցիչները ներկայացան միացեալ նիստին, սակայն անոնց բացակայութիւնը Պու Սաապի կողմէ նկատուեցաւ ժխտական ցուցանիշ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծախսերը ֆինանսաւորելու համար պետական ամավարկին վրայ 1500 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը նկատի ունենալու վերաբերեալ օրինագիծը, որ ներկայացուած էր Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի կողմէ:

Նիստին աւարտին Պու Սաապ յայտնեց, որ յանձնախումբերու միացեալ այս նիստը շարունակութիւնն էր անցեալ միացեալ նիստին, որուն ընթացքին սկսած էր քննարկուիլ քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու կարելիութիւնը:

«Մենք գիտենք, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը մտադիր է քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարել, եւ այդ պատճառով ալ պէտք էր մենք պատասխան ստանայինք Մաուլաուիէն: Այդ պատճառով ալ երկու օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը խնդրեցի Մաուլաուիէն, որ այսօրուան նիստին պատրաստ ըլլայ պատասխանելու հիմնական 4 հարցումներու, որոնցմէ հիմնականը կ՛ակնարկէր ընտրութիւններու ֆինանսաւորումին: Մեր հարցումներուն պատասխանները ստացանք նիստէն Մաուլաուիի բացակայութեամբ: Իսկ անոր ներկայացուցիչը` Ֆաթեն Եունես շեշտեց, որ նախարարութիւնը ոչ մէկ ղրուշ ունի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու: Առաւել եւս երեսփոխաններուն կողմէ գոյացաւ համախոհութիւն, որ գումակային իմաստով ալ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու անկարելիութեան դիմաց կը գտնուինք: Բայց եւ այնպէս ոմանք տակաւին կը պնդեն, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է կատարել», հաստատեց Պու Սաապ:

Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք անձնական հանգամանքով ներկայացուցած է կրկնակի աճապարանօք օրինագիծ մը, որուն համաձայն` կ՛առաջարկուի  քաղաքապետական ընտրութիւնները 4 ամիսով յետաձգել, այսինքն` ընտրութիւնները կատարել 30 սեպտեմբեր 2023-ին:

Ան հաստատեց, որ ինք այս իմաստով պիտի կապուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որովհետեւ իրենք քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու գրեթէ անկարելիութեան դիմաց կը գտնուին` աւելցնելով, որ ստեղծուած այս իրավիճակին պատասխանատու է կառավարութիւնը:

Իր կարգին, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ մայիսին քաղաքապետական ընտրութիւններ չկան` աւելցնելով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք օրէնսդրական նիստի մը ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ճշդել, թէ ընտրութիւնները որքա՛ն ժամանակի համար, այլ խօսքով` 4 թէ 6 ամիսով, պիտի յետաձգուին:

Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան նկատել տուաւ, որ իբրեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբում իրենք պիտի բացակային քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելու նպատակով խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստէն` հիմնուելով այն կեցուածքին վրայ, որ իրենց համար մերժելի է նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին խորհրդարանին օրէնսդրական նիստ գումարելը:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց ժողովի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Այն Թինէի մէջ:

Նախորդը

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Նախապատրաստութիւնները

Յաջորդը

Քլաար. «Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղուած Ջանքերը Ոեւէ Մէկուն Դէմ Ուղղուած Չեն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.