Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յարութեան Հաւատքով Շաղախենք Մեր Կեանքը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 12, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յարութեան Հրաշափառ Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը` տօնելու մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ զատկական հայրապետական ս. պատարագ, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յղեց իր հայրապետական պատգամը: Կաթողիկոսին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը: Ան որպէս մեկնակէտ ընտրած էր հրեշտակին խօսքը` ուղղուած Քրիստոսի գերեզմանը այցելող կիներուն. «Մի՛ վախնաք. Քրիստոսը հոս չէ, այլ յարութիւն առաւ»: Արդարեւ, «Քրիստոսի յարութիւնը կը կազմէ առանցքն ու նպատակը քրիստոնէական կեանքին ու վկայութեան», յիշեցուց ան: «Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն էր կեանքին` մահուան դէմ, երկինքին` Աստուծմէ հեռացող երկրին դէմ, բարիին` չարին դէմ: Քրիստոսի յարութեան հաւատքը դարձաւ ամուր կռուանը եկեղեցւոյ առաքելութեան: Հակառակ պատմութեան հալածանքներուն` Քրիստոսի յարութեան հաւատքով զօրացած եկեղեցին պատգամաբերը դարձաւ մահուան վրայ Աստուծոյ Որդիին տարած յաղթանակին»:

Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մեր ժողովուրդի տագնապալից կեանքին մէջ: «Մեր պատմութիւնը ահաւոր տագնապներով լեցուած է. մեր եկեղեցին երբեք չէ վհատած, այլ Քրիստոսի յարութեան հաւատքով դարձած է ամուր կռուան մեր ազգին ու հայրենիքի գոյութեան, զօրեղ վահան` մեր ազգն ու հայրենիքը ընկճելու ու գերելու ամէն տեսակ փորձերուն դէմ: Չմոռնանք, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր եկեղեցին մեր ազգի կեանքին մէջ դարձաւ յարութեան հաւատքով ամրապնդող եւ մեր հաւաքական կեանքը յարութեան շունչով թրծող յարուցեալ Քրիստոսի պատգամաբերը: Մեր եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ մեր ազգին փոխանցեց Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն ճառագայթող յարուցեալ կեանքի յոյսը եւ կեանքի չարիքներուն ու մահուան դէմ պայքարելու յարութեան հաւատքը», շեշտեց հայրապետը:

Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան ներկայ տագնապալից ժամանակներուն, երբ Արցախը նոր ցեղասպանին կողմէ կը մնայ շրջափակուած, երբ Հայաստանը նոյն ցեղասպանին կողմէ միշտ կը մնայ ենթակայ յարձակումներու, մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու դէմ նկատուող այս կացութեան դիմաց մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Մեր հայրենիքին ու ազգին պաշտպանութեան պայքարի առաջին գիծին վրայ եղած է միշտ մեր եկեղեցին` Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ ու Արցախ: Այսօր յարուցեալ Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն` յԱրցախ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի` ըսելով մի՛ վախնաք, ես ձեզի հետ եմ: Յարուցեալ Քրիստոսի մահուան դէմ տարած յաղթանակով հզօրացած` մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, յանուն իրաւունքի ու արժանապատուութեան, յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ մեր ազգի հզօրութեան», պատգամեց Արամ Ա. վեհափառ:

Յաւարտ ս. պատարագին, հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ հայրապետական մաղթերգը: Ապա Արամ Ա. օրհնեց ներկայ հաւատացեալները` անգամ մը եւս աւետելով` Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Հուսկ, հայրապետը զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց վեհարանի դահլիճին մէջ:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Ֆիրաս Ապիատի

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Բացումը Օրակարգի Վրայ Չէ, Սակայն Անցակէտերու Բացման Ուղղութեամբ Կ՛աշխատինք»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.