Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Սա Է Այսօրուան Հայաստանի Իրական Պատկերը»

April 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր տհաճ միջադէպ մը տեղի ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ քանատահայ Կարէն Մկրտիչեանի միջեւ: Այս առիթով Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Խաչատրեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ինք ցաւով եւ զայրոյթով տեղեկացած է իր կուսակցական ընկեր եւ վաղեմի բարեկամ Կարէն Մկրտիչեանի հետ տեղի ունեցած զազրելի դէպքին մասին: Մկրտիչեան սփիւռքի մէջ ծնած, հրաշալի կրթութիւն ստացած եւ նախանձելի աշխատանքային փորձ ունեցող հայ է, որ լքեց իր ապահով եւ բարեկեցիկ կեանքը հեռաւոր Քանատայի մէջ, ընտանեօք հանդերձ վերադարձաւ հայրենիք` հայրենիքի մէջ ապրելու ու աշխատելու վճռականութեամբ: Ան Հայաստանի մէջ աշխատած է ելեւմտական համակարգին մէջ, եղած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի տնօրէնը, հիմնած է եւ կ՛աշխատի ներդրումային կառավարչական եւ ելեւմտական խորհրդատուութիւն տրամադրող ընկերութեան մէջ:

«Քասքատի մէջ Կարէնը հանդիպած է Ալեն Սիմոնեանի շքախումբին: Ալենը «դաւաճան» կոչած է: Ալեն Սիմոնեանի շքախումբը ֆիզիքական հաշուեյարդար տեսած է Կարէնի նկատմամբ, ֆիզիքական բռնութիւն կիրարկած եւ զայն տարած ոստիկանութիւն: Առաւել եղկելի եղած է Ալեն Սիմոնեանի պահուածքը, որ հրամայել է իր թիկնապահներուն բռնել Կարէնը, որպէսզի ինքը վրան թքնէ…», կը նշէ Արթուր Խաչատրեան:

«Սա է այսօրուան Հայաստանի իրական պատկերը», կը յայտնէ Արթուր Խաաչատրեան` աւելցնելով. «Եթէ Կարէնը կարգ խախտած է, օրէնք  խախտած է, ապա ատոր համար ան պէտք է օրէնքով սահմանուած պատասխանատուութեան ենթարկուէր, այլ ոչ թէ Ալեն Սիմոնեանի կամայական ինքնադատաստանին զոհ դառնար: Ինչո՞ւ ոստիկանները բերման չեն ենթարկած անոր թիկնապահները, որոնք բիրտ ուժ  կիրարկած են, ինչո՞ւ ոստիկանները նոյնինքն Ալեն Սիմոնեանը բերման չեն ենթարկած քաղաքացի արժանապատուութիւնը ոտնահարող գործողութեան համար: Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւն կա՞յ, իրաւապահ համակարգ կա՞յ, թէ՞ բոլորը այսօրուան իշխանութիւններուն հլու հնազանդ խամաճիկներն են»:

 

Նախորդը

Պաքու Կը Պնդէ, Որ Վերահսկողութիւն Հաստատած Է Շուշիի Շրջանի 2 Նախկին Ազրպէյճանաբնակ Գիւղերու Վրայ

Յաջորդը

Պայրամով. «Հայկական Սադրանքներու Աշխուժացումը Համընկնած Է Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Տեղակայման Հետ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.