Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ. «Ոչ Ոք Կրնայ Իր Կամքը Պարտադրել, Եւ Ոչինչ Կ՛արգիլէ, Որ Խորհրդարանին Մէջ Պատահածը Չկրկնուի»

March 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախանցեալ օրուան խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին: Ան ըսաւ. «Խորհրդարանին մէջ պատահածը կրնար երկիրը տարբեր տեղ առաջնորդել: Հարց կու տամ ինքզինքիս, որ եթէ տարբեր ձեւով վարուէի եւ հակազդէի, ապա չենք գիտեր այսօր Լիբանանը ի՛նչ վիճակ կրնար պարզել»:

Ան շեշտեց, որ այս վարուելակերպը առաջին անգամը չէ, որ կը պատահի, այլ անիկա վերածուած է առանցքի մը: «Ճիշդ է, որ նախանցեալ օր շրջանցեցինք զայն, սակայն ոչինչ կ՛արգիլէ, որ խորհրդարանին մէջ պատահածը չկրկնուի, եւ անոր արդիւնքները տարբեր չըլլան», յայտնեց Ժեմայէլ:

Ան դիտել տուաւ, որ ինք այս յայտարարութիւնները կը կատարէ, որպէսզի վտանգի փողը հնչեցնէ այն իրականութեան վրայ, թէ Լիբանանի մէջ համայնքային լարուածութիւնը կրնայ երկիրը այլ տեղ առաջնորդել: «Լիբանան կը գտնուի ամբողջական փլուզումի սեմին, իսկ լիբանանցիները լարուած են, յուսալքուած ու միաժամանակ բարկացած», նշեց Ժեմայէլ:

Ան ընդգծեց, որ հակառակ տիրող այս կացութեան, իրենք կը վկայեն պարտադրանքի ոճ մը, որ երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի յաւելեալ քանդում: «Այս պատճառով, ինչպէս նաեւ մեկնելով այն իրականութենէն, որ մենք յանձնառու ենք երկրին, կու գանք հաստատելու, որ ոչ ոք կրնայ իր կամքը պարտադրել: Երեսփոխանական ընտրութիւնները հաւասարակշռութիւն մը պարտադրեցին, հետեւաբար անոնք իրենց հանրապետութեան նախագահը չեն կրնար պարտադրել մեզի, ինչպէս նաեւ չեն կրնար հակասահմանադրական օրէնսդրական նիստերու հրաւիրել», շեշտեց Ժեմայէլ:

Ան հաստատեց, որ երկրին տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, որ բարեկարգումներ կատարելու կարողութիւն ունի:

«Հըզպալլա պիտի չկարենայ լիբանանցիներուն վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել, իսկ նախագահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք Լիբանան պէտք է գումարէ ազգային խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին սրտերու լուացում եւ հաշտութիւն կատարուի», եզրափակեց Ժեմայէլ:

Նախորդը

Պըրրի Երկրին Իրադարձութիւնները Քննարկեց Սալամի Հետ

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէ. «Սայրաֆա» Հարթակի Գործառնութիւնները Ընթացքի Մէջ Են Եւ Պիտի Շարունակուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.