Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերն ու անոնց զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Ռամզի Մշարաֆիէ եւ նախկին ու ներկայ երեսփոխաններ Թալալ եւ Թարեք Մերեհպիները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլին ոչ մէկ լուծում կայ, բացի համաձայնութիւնն ու համախոհութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա շեշտեց, որ ինք համաձայն չէ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի անցեալ շաբաթավերջին արտասանած խօսքը ընդվզեցուցիչ էր: Աթալլա հաստատեց, որ իրենք կը շարունակեն մերժել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քապալան Քապալան կոչ ուղղեց հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը սնանկացումէ փրկելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի պատասխաններ չունի այն հարցումին, թէ քաղաքապետական ընտրութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ֆինանսաւորուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի խորհրդարանին կողմէ հրաւիրուած որեւէ նիստի, որ նախագահական ընտրութեան նիստ չէ: Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը 740 միլիոն տոլար ծախսած է «Էս. Տի. Ար.»-էն` աւելցնելով, որ ան կրնայ նաեւ 8 միլիոն տոլար ալ տրամադրել` քաղաքապետական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պատրանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ Պաալպեքի քաղաքապետ Ֆուատ Պլուք հրաժարած է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ-Անդրանիկ Պէյրութ` 83-78

Յաջորդը

Քըրըմ Կոչ Ուղղեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Խորհուրդին Վերջ Տալու Իրենց Գործադուլին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.