Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ալաշկերտ-Երեւան, աւարտելով իր մարզական հաւաքը, Թուրքիայէն վերադարձաւ հայրենիք:
Հաւաքին ընթացքին Ալաշկերտ կատարեց նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:
Հայկական կազմը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պուխարայի հետ (Ուզպեքիստան), 2-0 արդիւնքով յաղթեց ուքրանական Զարիային, 1-0 արդիւնքով` Ֆերկանայի Նեֆթչիին (Ուզպեքիստան), 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ լեհական Փոտպեսքիցէէն եւ 1-0 արդիւնքով` ռուսական Ենիսէէն:
Նշուեցաւ, որ այսօր` երեքշաբթի, 21 փետրուարին, Ալաշկերտ-Երեւան ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Արարատի դէմ:


