Հայկական Ճատրակի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան (Միացեալ Նահանգներ), նախորդ շաբաթավերջին յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ կատարուող ճատրակ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ.-Չես Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին գծով:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ հնդիկ Ռամեշպապու Փրակնանանտհայի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց 50-րդ շարժումին:
Հայրենի կրանտմասթըրը այժմ 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով երեք կէտ:
Անկէ կէսական կէտով ետ կը մնան ամերիկացի Ուեսլի Սօ եւ հնդիկ Տոմարաճու Կուքեշ:
Երէկ` երկուշաբթի, 20 փետրուարին, որեւէ մրցում չկատարուեցաւ` նկատի ունենալով, որ 20 փետրուարին, հանգստեան օր էր:
Մրցաշարքին մասնակցողներուն կարգին են նաեւ` ամերիկացի Ուեսլի Սօ, ռուս Եան Նեփոմնիաչի, նետերլանտցի Անիշ Կիրի եւ ուրիշներ:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 130 հազար եւրօ, մինչ տիտղոսակիրը կը ստանայ 40 հազար եւրօ:


