Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերճ Գոյումճեանի Յիշատակին

February 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ Ք.

Միհրան Ք. եւ Պերճ Գոյումճեան

7 փետրուարի առաւօտուն Աթէնքի հողին յանձնուեցաւ յոգնատանջ մարմինը սիրեցեալն Պերճ Գոյումճեանի, որ գաղութիս եւ յատկապէս մեր շրջանի վերջին մոհիկաններէն էր: Անոնցմէ էր, որոնք իրենց ողջ-առողջ կեանքի ընթացքին աշխատեցան, պայքարեցան ազգի պահպանութեան համար, մշտատեւ մտահոգուեցան եւ իրենց կարելին չխնայեցին գաղութի գործօնները պահելու եւ անոնց գործունէութիւնը անխափան դարձնելու ջանքին մէջ` դպրոց կամ եկեղեցի, ակումբ թէ մամուլ, սկաուտական, մարզական թէ մշակութային աշխուժութիւններ կամ կուսակցութիւն: Փոխանակ աւելորդ-պակաս բարոյախօսելու կամ յորդորներու` համեստ գործերու տրամադրուածութեան ու կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական օրինակը  տուին նորերուն:

Հանգուցեալ Պերճին եւ սերնդակիցներուն կեանքը մշտական կռիւ մը եղաւ: Պատանեկան տարիքին չքաւորութեան եւ պատերազմի արհաւիրքին մէջ կռիւ մը` փողոցի հրապոյրին դէմ, որպէսզի անոր ճանկին մէջ չիյնան, երիտասարդութեան` գործի մէջ յաջողելու, սեփական վաստակով ու արդար քրտինքով տուն-տեղ դառնալու, ընտանիք կազմելու, ընտանիքը հայախօսութեամբ ու աւանդապահ բարքերով ապրեցնելու կռիւ մը: Զուգահեռաբար ու  միաժամանակ հանգուցեալ Պերճն ու իր սերունդը այդ կռիւը նոյն եռանդով տարածեցին  նաե՛ւ ազգային ճակատ եւ պայքարի մէջ մտնելով` բազմաբնոյթ պարտականութիւններ յանձն առին եւ իբրեւ «անկեղծ զինուոր» գաղութային գործօններու ճամբով անշահախնդիր ծառայեցին հայ կեանքին: Դժուար կռիւ մըն էր անոնցինը, կամաւոր ու անսակարկ, այլեւ` չերեւցող աշխատանք: Պարզ գործերն անգամ կատարեցին  վեհութեամբ եւ մանաւանդ`  հաւատքով:

Պիտի չմոռնամ երբեք: 70-ական թուականներուն էր, իբրեւ վարժարանի տնօրէն` աշակերտահաւաքի համար վարժարանը սեփական ինքնաշարժով մը օժտելու մտածումով կարգ մը ազգայիններէ դրամական փոխառումի միջոցին դիմեցի: Տատամսկոտ առաջին դիմումս Պերճին եղաւ, որ  առանց այլեւայլի` սիրով ընդառաջեց եւ այդ օրերուն համար նշանակալի գումար մը տրամադրեց, ինչ որ թթխմոր ու քաջալերանք հանդիսացաւ, որ հետագայ տարիներուն յաւելեալ ինքնաշարժներ ունենանք եւ  կանոնաւորենք աշակերտներու փոխադրութեան գործը:

Հանգուցեալը մէկն էր նաեւ Դաշնակցութեան «անկեղծ զինուոր»-ներէն: Թէեւ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք այնքա՜ն հաւատարմութեամբ կառչած ըլլան իրենց պատկանած կուսակցութեան ու այդ ճամբով նաեւ հայրենիքի գաղափարին, բայց տարբեր էր Պերճին կառչածութիւնը: «Աչքը գոց» դաշնակցական  էր, որուն համար իր կուսակցութիւնը չէր սխալեր երբեք: Ի՛նչ ալ ըլլար կուսակցութեան ուղեգիծը կամ որոշումը, կ՛ենթարկուէր ան` առանց  այլեւայլի, առանց մաղելու, առանց սեփական դատումին ենթարկելու: Այնպիսիներէն էր, որոնք մեծ գաղափարներով նոյնիսկ հետաքրքրուած չեն, բայց ունին տոկուն հաւատք, եւ այդ հաւատքը տոկուն կը պահէ կուսակցութիւնը: Տեսակ մը նոր ժամանակներու «Բալապեխ Կարապետ»-եր…

Կուսակցական ժողովի մը մէջ էր, չեմ յիշեր քննուող օրակարգը, բայց կը յիշեմ Պերճին պոռթկումը.  «Գիտցէ՛ք, ընկերներ, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին թէ՛ տէրն է եւ թէ՛ ծառան. տէ՛ր պիտի ըլլանք մեր ազգին եւ պիտի ծառայենք անոր, ա՛յս է մեր գիտցածը, ա՛յս է մեր սորվածը…»: Շարունակած  խօսքերէն կը հասկցուէր, որ ըսել ուզածը այն էր, թէ իսկական տիրութիւնը իմաստ  ու արժէք  կը ստանայ ծառայութեամբ եւ փոխադարձաբար` ծառայութեան մէջ կը գտնուի իսկական տիրութեան զգացումը:

Տէր ու ծառայ ըլլալու նկարագիրը հարազատ բնութագիծն էր հանգուցեալ Պերճին ինչպէս հաւաքական, նոյնպէս  իր անձնական կեանքին մէջ: Տէրն էր իր սեփական գործին, բայց միաժամանակ անոր ծառան` առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ իրիկուն: Այդ ծառայութիւնը իր մէջ մշակած էր անօրինակ աշխատասիրութիւն մը, որ կը տարածուէր նաեւ արձակուրդի օրերուն վրայ` իբրեւ ժամանց:

Տէ՛րն էր իր ընտանիքին, միաժամանակ անոր ծառան` բառին  ազնուագոյն իմաստով:

Օրը գիշեր ու գիշերը ցերեկ կը դարձնէր, որ իր երեք զաւակներէն ոչինչ պակսէր, որ` տուն-ընտանիք կազմեն անոնք, ազնուասիրտ տիկին Անահիտը ոչ մէկ բանի կարօտ մնար:

Իսկ վերջին ինն-տասը տարիներուն հանգուցեալը իր կեանքի ամէնէն ահաւոր ու դաժան  կռիւը մղեց ճակատագրին դէմ: Ուղեղային ահաւոր  խռնում մը զինք հաշմանդամ դարձուց, քալելու անկարող, անկողնի ծառայ, որմէ կը խորշէր ան:  Երբեք  չհանդուրժեց,  չհամակերպեցաւ հաշմանդամի  յուսահատ կացութեան: Անյուսահատ կռուեցաւ իր վիճակին դէմ, եւ այդ կռիւն էր, որ ինն-տասը տարի ապրեցուց զինք` հաշմանդամ վիճակով, մինչեւ որ ուժերը մաշեցան, հիւծուեցաւ եւ անկարող դարձաւ դիմադրելու հողի կանչին:

Ճշմարիտ է, երբ կ՛ըսուի, թէ սրտամօտ  կամ հաւաքականութեան մէջ բարի վարքով ու  կամքով ճանչցուած մարդը չի մեռնիր: Պարզապէս կ՛անշնչանայ ան, անոր մարմնեղէն ներկայութիւնը կը բաժնուի մեզմէ, եւ ինք կը դառնայ յիշատակ: Ողջ մնացողներուն մէջ ան կ՛ապրի իբրեւ այդպիսին:

Վերջին ամիսներուն, գրեթէ ամէն այցելութեանս կ՛ըսէր ինծի. «Անահիտս մեռաւ (հանգուցեալ իր տիկինը), ես ալ գրեթէ մեռայ: Դիմանալու ուժս հետը տարաւ:

Հիմա արդէն միացած է Անահիտի հոգիին:

Յիշատակդ անթառամ, սիրեցեալդ Պերճ: Երթա՜ս բարով, լոյս հոգիիդ…

Երեքշաբթի, 6 փետրուար 2023, Աթէնք

Նախորդը

2023-ի Աւարտին Արամ Ա. Հովուապետական Այցելութիւն Պիտի Տայ Արեւմտեան Ամերիկա

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Երկրաշարժեր Կը Պատահին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.