Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Ապահովութեան Կառոյցը Ձախողեցուցած Է Ահաբեկչական Գործողութիւններու Շարք Մը

February 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը  7, 8 եւ 9 յունուարին, հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է 5 լիբանանցիներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի բջիջ մը կազմելու յանցանքով կասկածելիներ էին:

Հինգ լիբանանցիները Թրիփոլիի Մանքուպին, Քըպպէ եւ Թըպպանէ շրջաններէն են: Այս շրջաններուն բնակիչները 2021-ի աւարտին անդրադարձան, որ շրջանէն մեծ թիւով երիտասարդներ չկան, եւ աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ անոնք Իրաք գացած են, իսկ ոմանք սպաննուած վերադարձուեցան Լիբանան:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետաքննութիւնը տակաւին իր նախնական վիճակին մէջ կը գտնուի, սակայն ի յայտ եկած է մէկ ճշմարտութիւն, որուն համաձայն` կարելի եղած է ձախողեցնել համայնքային յստակ ենթահողեր ունեցող ահաբեկչական ծրագիր մը:

Հինգ ձերբակալեալ յանցագործներէն մէկը խոստովանած էր, որ կը պատրաստուէր Թրիփոլիի Ազմի փողոցին վրայ գտնուող եկեղեցիի մը ուղղութեամբ կրակել` անցեալ Ս. Ծնունդին, երբ հաւատացեալները եկեղեցի կ՛ուղղուէին, ներկայ գտնուելու Ս. Ծննդեան պատարագին, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէր հրկիզել «Նուր» հրապարակին վրայ գտնուող տօնածառը` քրիստոնեաներուն սարսափ պատճառելու նպատակով:

Նոյն յանցագործը խոստովանեցաւ, որ իր տէրերը ունէին Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Ռասուլ Աազամ հիւանդանոցը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ մզկիթ մը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձնելու ծրագիրը` օգտագործելով ականուած անօդաչու թռչող սարքեր:

Ան յայտնած էր նաեւ, որ շարք մը այլ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրուած էին նաեւ Ժապալ Մըհսենի մէջ:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, ձերբակալուած յանցագործները մաս կը կազմեն այն ընտանիքներուն, որոնց անդամները ահաբեկչութեան հետ երկար պատմութիւն ունին, կռուած են Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ բանտարկուած են Լիբանանի մէջ` ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կազմելու յանցանքով:

Այս բոլորին մէջ բացառութիւն կը նկատուի հիմնական յանցագործը, որ ցարդ նման խմբաւորումներու մաս չէ կազմած:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Քարամէն Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.