Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց դարձեալ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին պայթումի հետաքննութիւնը շարունակել:
Բողոքի ցոյցը կատարուեցաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին գումարելիք նիստին զուգահեռ:
Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Ուիլիըմ Նուն, որ ըսաւ. «Ի տես Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրուած որեւէ որոշումի, որ ի նպաստ մեզի չ՛ըլլար, մենք ստիպուած ենք մագլցողական քայլերու դիմելու: Պատրաստ ենք Արդարութեան պալատը քանդելու, որովհետեւ պայթումին զոհուածները թիւեր չեն, իսկ Արդարութեան պալատը արդարութիւն բանեցնելու համար ստեղծուած է»:
Նուն պահանջեց միջազգայնացնել 4 օգոստոսի պայթումին թղթածրարը, որովհետեւ լիբանանցի դատաւորները տկար են եւ պայթումին համազօր պատժամիջոցներու չեն կրնար դիմել:
Նշենք, որ ցուցարարներուն միացան նաեւ երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Ուատտահ Սատեք, Ֆիրաս Համտան, Զիատ Հաուաթ, Ղասսան Հասպանի, Ռազի Հաժ, Իպրահիմ Մնայմնէ եւ Միշել Տուէյհի:
Բայց եւ այնպէս Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը, որուն քննարկելիք օրակարգի միակ կէտը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելն էր, չկրցաւ իր նիստը գումարել օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսացի հետաքննիչ դատախազ մը 23 յունուար 2023-ին պիտի այցելէ Լիբանան եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ ընդհանուր դատախազին հետ, որուն հարց պիտի տայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած հետաքննութենէն բխած որոշումներուն մասին:
Կը նախատեսուի, որ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտնէ, թէ նման որոշումներ չէ ստացած` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան հետաքննութիւնը ցարդ կը մնայ առկախուած:


