Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Ավիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Զերհիթ շրջանին մէջ վար առած են Լիբանանէն ուղարկուած անօդաչու թռչող սարք մը:
Ատրահի նշեց, որ ըստ երեւոյթին անօդաչու թռչող սարքը կը պատկանի Հըզպալլայի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի պաշտպանեն Իսրայէլի գերիշխանութիւնը` անոր սպառնացող որեւէ տեսակի ոտնձգութենէ:


