Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Արգիլուած Է Երկրին Ապահովական Կաունութիւնը Խախտել»

December 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը արգիլուած է` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցներն ու զինուորական կառոյցները իրենց պարտականութիւնները լիովին կը կատարեն եւ անոնք կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւն հասնող ապահովական տեղեկագիրներն ու տուեալները ինք անձամբ կը ստուգէ եւ անոնց հիման վրայ կը հաստատէ, որ Լիբանանին ապահովական վտանգաւոր ցնցումներ չեն սպառնար:

Մաուլաուի յայտնեց, որ երկրին քաղաքական անկայունութիւնը ապահովական ցնցումներ պիտի չյառաջացնէ, որովհետեւ ապահովական կառոյցները կը հսկեն երկրին կայունութեան:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն յաւելեալ արթնութեան եւ պատասխանատուութեան ստանձնումի: «Ապահովական կառոյցները պիտի ջանան խիստ միջոցառումներ որդեգրել` արգիլելու եւ զսպելու համար անձնական միջադէպերը:

Նշենք, որ Մաուլաուի երէկ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան հետ կարելի չէ խաղալ` աւելցնելով, որ ապահովութիւնը պէտք է հեռու պահել քաղաքականութենէն: Ան շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ տօնական օրերուն որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները արդէն իսկ պատրաստ են եւ արդէն իսկ հրահանգները տրուած են ապահովական կառոյցներուն:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերը իրաւունք ունին ինքնաբուխ շարժելու` բացայայտ ոճիրներու պարագային:

«Պէյրութի միջազգային օդակայանին պաշտպանութիւնը ապահովելու իմաստով լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը յստակ է, եւ կարելի չէ օդակայանին ընդմէջէն կամ անոր կողքէն ապահովական արարքներ գործել:

Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրը բարձր համեմատութեամբ յաջողած է, եւ ոչ ոք ապահովական հովանիի ներքեւ կը գտնուի: Կը խոստանանք լիբանանցիներուն, որ ապահովական եւ զինուորական կառոյցները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնած են եւ անոնք կրնան ուրախ ու ապահով տօնակատարել», ըսաւ Մաուլաուի:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Ֆայեատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսացի Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Առանց Երկխօսութեան Կարելի Չէ Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացնել» Շեշտեց Պու Սաապ

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.