Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոսովոն Եւ Սերպիան Ինքնաշարժներու Թիւերու Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

November 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Քոսովոն եւ Սերպիան ինքնաշարժներու թիւերու երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Արեւմուտքը զգուշացուցած էր, որ այդ խնդիրը կրնայ ազգամիջեան բռնարարքներու յանգեցնել:

Պորել Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Համաձայնութիւն ունինք»:

«Շատ ուրախ եմ Քոսովոյի եւ Սերպիոյ աւագ պատուիրակներուն միջեւ յաւելեալ մագլցումէ խուսափելու քայլերու եւ ամբողջական կերպով անոնց միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման յատուկ առաջարկին վրայ կեդրոնանալու Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ համաձայնութեան գոյացումը յայտարարելու», աւելցուց Պորել:

Քոսովոն մտադիր էր երէկուընէ ի վեր տուգանքի ենթարկել շուրջ 10 հազար սերպ վարորդներ, որոնք կը շարունակեն ինքնաշարժներու սերպական թիւեր օգտագործել:

Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քորթիի եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու նախկին փորձը ձախողած էր, այդ պատճառով ալ Քոսովոն Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով 48 ժամով յետաձգած էր սերպ վարորդները տուգանքի ենթարկելու սկսելու ժամկէտը:

Նախորդը

Հնդկաստանը Յաջողութեամբ Փորձարկեց Հիւլէական Մարտագլխիկ Կրելու Կարող «Ակնի-3» Հրթիռը

Յաջորդը

«Լը Փուան» Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Արեւմուտքի Ձեռնածալութիւնը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.