Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրելի Գեղանիին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

November 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մահուանդ գոյժը կարդացի կայքէջէն եւ չկրցայ հաւատալ, որ գրուածը իրականութիւն է: Աչքիս առջեւ տողանցեցին մեր անցեալի յիշատակները, յիշեցի մեր վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին մենք երկար խօսեցանք լիբանանեան կեանքի վերիվայրումներուն ու հայրենիքը յուզող անցուդարձերուն մասին: Ըսիր` Լիբանան պիտի գամ, ու իրարու խոստացանք տեսնուիլ:

Գիտէի, թէ բուժումներու կ՛ենթարկուիս, սակայն երբեք չէի երեւակայեր, որ այսքան մօտալուտ է վախճանդ:

Սիրելի՛ Գեղանի,

Ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան ու զանոնք ներշնչեցիր հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան ու հայրենիքի սէրը, վստահաբար, նուիրումդ բեղմնաւորուեցաւ ու ծիլեր արձակեց քեզի աշակերտած սերունդներու հոգիներուն մէջ, ու անոնք` միշտ քեզ յիշելով, օրինակելի անձնաւորութեանդ մասին վկայութիւն պիտի տան:

Տնօրէնի լայնածաւալ աշխատանքներու կողքին, եղար գրեթէ ամէն տեղ` ազգային-հասարակական կեանքին մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ բոլոր գործունէութիւններուդ մէջ արձանագրեցիր բեղուն ու յաջող արդիւնքներ: Ուշագրաւ էր անսխալ ու ճշգրիտ հայերէնով արտայայտուելու կարողութիւնդ, միշտ նորութիւններ ունէիր ըսելիք եւ զայն այնքան գրաւիչ կերպով կը ներկայացնէիր, որ խօսակիցդ հմայուած կը հետեւէր քեզի: Որեւէ իրավիճակ այնքան գեղեցիկ բառերով կը ներկայացնէիր, որ խօսակիցիդ աչքին գծագրուած, գունաւոր պաստառներու կը վերածուէր:

Յաճախ խնդրած եմ, որ գրես… եւ վերջապէս լոյս տեսաւ «Ստուերներ» խորագիրով գրքոյկը` ուշագրաւ հրատարակութիւն մը, որ կը ներկայացնէ կեանքիդ զանազան օղակները` քու անաղարտ հայերէնովդ եւ ուրոյն ոճովդ:

Ուրախ, ժպտուն ու կեանքով լեցուն աղջիկ, դուն կատարեցիր քեզի վստահուած պարտականութիւնները ամենայն բարեխղճութեամբ:

Հանգիստ ննջէ՛, բոլորը քեզ պիտի յիշեն քու նուիրեալ նկարագրովդ:

Վարձքդ կատա՛ր:

Յաւերժ փա՜ռք ու բի՜ւր պատիւ խնկելի յիշատակիդ:

Պաշտօնակցուհիդ`
Ա. Վ. Ս.

Նախորդը

2022-ի Ֆութպոլի Մոնտիալը Քաթարի Մէջ

Յաջորդը

«Գործն Է Անմահ, Լաւ Իմացէ՛ք…». Գեղանի Էթիեմեզեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.