Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գործն Է Անմահ, Լաւ Իմացէ՛ք…». Գեղանի Էթիեմեզեանի Յիշատակին

Նոյեմբեր 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Առաջին անգամ հանդիպեցանք, երբ Աբգարեան վարժարան գացինք մանկավարժական գործնական դասեր անցնելու. ես Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի ուսանող էի, օրդ.   Գեղանին` Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի: Ուսանողներով մէկ կողմ կեցած էինք` սպասելով, որ մանկապարտէզի աշակերտներու շարքը դասարան անցնի եւ մենք օրդ. Գեղանիին հետ անցնինք գործի:

Ուշադրութիւնս գրաւեց շարքին մէջ լացող աշակերտներէն մէկը, որ դասարան երթալու ընթացքին, իր հարազատ մայրը տեսնելու համազօր ուրախութեամբ, շարքէն դուրս վազեց դէպի օրդ Գեղանին, փոքրիկը փաթթուեցաւ անոր ծունկերուն: Օրդ. Գեղանին կը զրուցէր ուսուցչուհիի մը հետ, եւ զրոյցը շարունակելով` շոյեց փոքրիկին գլուխը, որ անմիջապէս հանգստացած` վերադարձաւ իր շարքն ու գնաց դասարան…

Հաւանաբար շատերուն համար եղածը շատ սովորական արարք մըն էր, սակայն վայրկեաններ տեւող այս երեւոյթը տեսնելով` մտածեցի, թէ որքան սէր տուած է դպրոցի տնօրէնուհին այս երեխաներուն, այն ալ` մանկապարտէզի երեխաներուն, որոնց հետ ի պաշտօնէ այնքան ալ առնչութիւն ունենալու պարտաւորութիւնը չունէր, որ երեխան իր հասակը ներածին չափ արագ վազէր, անոր ոտքերը գրկէր ու հանգստանար: Պարզ էր, որ յաճախակի կը պատահէր այդ երեւոյթը, եւ գլխու շոյանքն անգամ բաւարար էր երեխան հանգստացնելու…

Ահա, թէ ո՛վ է իսկական մանկավարժը, նուիրեալ ուսուցիչն ու անձնազոհ տնօրէնը` սիրոյ մշտաբուխ աղբիւր, որ իր անսպառ սէրը կու տար իր աշակերտներուն, դպրոցի ողջ անձնակազմին, ընտանիքին, հարազատներուն, ազգին, հայոց լեզուին, հայրենիքին, ուր հանգրուանեց իր կեանքի վերջին տարիներուն, ապրեցաւ իր տառապանքով ու յաւիտենական հանգիստը գտաւ անոր հողին մէջ…

Հայագիտականի այն ուսանողներէն էի, որուն համար Էթիեմեզեան ընտանիքը դարձած էր հարազատ. այդ ջերմ, հայեցի ու ազնուական օճախէն ներս յաճախ գիշերած եմ, հաց կիսած ու նոյնիսկ` բաց ձգած քննութիւնս դիմած… Օրդ. Արփին բարձրագոյն կրթութեանս մայրն էր. անոր թելադրանքով ու անսահման հոգատարութեամբ ընդունուեցայ եւ աւարտեցի Հայագիտական հիմնարկը, ապա ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարան` միշտ կապս շարունակելով ու մինչեւ կեանքիս վերջը երախտապարտ մնալով իրեն: Օրդ. Արփիին երախտապարտ եմ նաեւ անոր հսմար, որ մտերմիկ կապ ստեղծեց իմ եւ օրդ. Գեղանիին միջեւ, յաճախակի հանդիպումներն ու զրոյցները, նոյն համաժողովներուն ու հանդիպումներուն ներկայ ըլլալը աւելի քան ուսուցանող էին: Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող ամենատաղտկալի ու երկարատեւ ժողովներուն անգամ, երբ ելոյթ կ՛ունենար օրդ. Գեղանին, անմիջապէս կը գրաւէր բոլորին ուշադրութիւնը` իր մաքրամաքուր արեւմտահայերէնով, կուռ եւ գեղեցիկ շարադրուած մտքերով, առանց աւելորդաբանութիւններու, գրաւիչ առոգաբանութեամբ ու ազնուական կեցուածքով:

Այս մեծ փորձին ու առաւելութիւններուն հետ մէկտեղ, Գեղանին տարիներ առաջ դարձաւ Երեւանի պետական համալսարանի «Մանկավարժական կառավարում» մագիստրոսական բաժինի ուսանող եւ աւարտեց գերազանցութեամբ` մինչեւ վերջին օրը երախտապարտ մնալով նոյն բաժնի ամպիոնի վարիչ Նազիկ Յարութիւնեանին, որ իբրեւ մարդ` իր ամենադժուարին օրերուն մնաց իր կողքին:

Հայրենիքի մէջ ապրիլը երջանկութիւն էր Գեղանիի համար, բայց անգործութիւնը` անտանելի. ամէն տարի, Անթիլիասի դպրեվանքի դասերը սկսելուն հետ, կը սկսէր իր եւ իր մտահոգ քրոջ Վեհանին վէճը. «Մի՛ երթար…», կ՛ըսէր Վեհանը: «Այնքան ատեն որ ինծի պէտք ունին եւ կրնամ, պիտի երթամ», կ՛ըլլար վճռական պատասխանը:

Գեղանի էթիեմեզեանը իր յօդուածներուն, ուսումնասիրութիւններուն եւ ելոյթներուն շարքին, ամիսներ առաջ հրապարակեց նաեւ իր հեղինակած «Ստուերներ» գիրքը, ուր կը պատմէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն մասին: Ինչպէս կեանքի ու դպրոցի մէջ, ան իր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին մէջ գտած է լաւագոյն արժէքները ու դրսեւորած` գրիչով: Գեղանիին սէրը բոլորին հանդէպ անսպառ է, սակայն Վազգէն Էթիեմեզեան մտաւորականը իրեն համար միշտ եղած է եզակի…

«Ստուերներ» գիրքը կարծես անոր երախտագիտութեան զգացումն է ու ակնածանքը` իր ընտանիքին եւ յատկապէս Վազգէնին հանդէպ: Վազգէնը արժէք է ոչ միայն իբրեւ եղբայր, այլ` հայ իրականութեան մէջ այն լուրջ փիլիսոփան, որ դեռ ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած…

«Ստուերներ» գիրքով կը դրսեւորուի Գեղանի էթիեմեզեանի գեղեցիկ ու կուռ լեզուն, զուսպ ու գրաւիչ ոճը, ինքնագովասանքէ զերծ մնալը, մանկավարժական փորձն ու նուիրումը, խնդիրներն ու լուծումները, որոնք խիստ ուսանելի են եւ այժմէական…

Հայրենիքի հողին յանձնեցինք առաւել քան կէս դար ծառայութիւն ու նուիրում մատուցած մանկավարժի, մտաւորականի եւ ազգային նուիրեալ գործիչի մարմինը, հողին յանձնեցինք քանի մը հարազատներով ու մտերիմներով, բազում ծաղիկներով, զորս այնքան շատ կը սիրէր…

Ակամայ մտածեցի, թէ ազգային ինչպիսի՛ յուղարկաւորութիւն պիտի ըլլար, եթէ այս բոլորը ըլլային Լիբանանի մէջ…

Սակայն, ամէն պարագայի, «գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք…», իսկ Գեղանիի տարած գործը անմահ է բազում սերունդներու հոգիներուն մէջ թողած իր դրոշմով…

 

 

Նախորդը

Սիրելի Գեղանիին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Անխոնջ Նաւավարը

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?