Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, 20 նոյեմբերէն մինչեւ 18 դեկտեմբեր, 32 ազգային խումբեր պիտի մրցին տիտղոսին արժանանալու համար:
***
Ամէն չորս տարին անգամ մը, աշխարհի չորս կողմերէն ֆութպոլի ազգային խումբեր իրարու դէմ կը մրցին` ստանալու համար աշխարհի ախոյեանի հեղինակաւոր տիտղոսը: Սկզբնական զտումի խաղերու փուլէ մը ետք, այս տարի 32 խումբեր ժամադրուած են Քաթարի մէջ, մէկ ամսուան ընթացքին համակիրներուն խանդավառ կանչերու մթնոլորտին մէջ:
Արդեօք ո՞վ պիտի յաջորդէ Ռուսիոյ մէջ 2018-ին ախոյեան հռչակուած Ֆրանսային:
Երկու փուլեր
Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու փուլով: Առաջինը խումբերու փուլն է: Մասնակցող 32 խումբերը բաժնուած են չորս-չորս, ութ բաժիններու: Այս առաջին փուլի ընթացքին իւրաքանչիւր խումբ պիտի խաղայ միւս երեք խումբերուն դէմ եւ կէտեր հաւաքէ (զերօ` պարտութեան պարագային, մէկ հաւասարութեան եւ երեք` յաղթանակի պարագային): Այս փուլին վերջաւորութեան իւրաքանչիւր խմբակէ երկու ամէնէն լաւ խումբերը, ընդամէնը` 16 խումբ, կ՛անցնին աւարտական փուլ:
Աւարտական փուլը
Այս փուլին իւրաքանչիւր մրցումի վերջաւորութեան պարտուողը դուրս կը մնայ: Հաւասարութեան պարագային, խաղը կ՛երկարաձգուի, երկու անգամ 15 վայրկեանով: Իսկ եթէ դարձեալ հաւասար ըլլայ արդիւնքը, կը դիմուի փենալթիներու: Նախ ութ մրցումներ տեղի կ՛ունենան, ապա` չորս, երկու կիսաւարտական մրցումներ (փոքր աւարտական խաղ մը` երրորդ կարգին համար), եւ վերջապէս` աւարտական մրցումը: Այս աւարտական խաղին յաղթականը աշխարհի ախոյեան կը դառնայ մինչեւ յաջորդ աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Ինչո՞ւ 2022-ի Մոնտիալը հարցեր կը ստեղծէ
Քաթարը Միջին Արեւելքի փոքրիկ, բայց շատ հարուստ երկիր մըն է: 10 տարիներ առաջ ան ընտրուեցաւ 2022-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը կազմակերպող երկիր: Այս որոշումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց կարգ մը շրջանակներու մէջ: Առաջին հերթին` միւս թեկնածու երկիրներուն մէջ` Միացեալ Նահանգներուն եւ Աւստրալիոյ: Անոնք ամբաստանեցին Քաթարը Մոնտիալը «գնելու» յանցանքով, այսինքն` քուէարկողները կաշառելով:
Ասոր կողքին, Ասիոյ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս` Նեփալէն, Հնդկաստանէն, Սրի Լանքայէն, Պանկլատէշէն կամ Փաքիստանէն եկած տասնեակ հազարաւոր գործաւորներու աշխատանքային պայմանները բնաւ դիւրին չէին. վտանգաւոր պայմաններ, շատ քիչ վճարում… 2017-ին Քաթարը խոստացած էր բարելաւել այդ վիճակը: Կարգ մը երկիրներ նոյնիսկ սպառնացին չմասնակցիլ 2022-ի ախոյեանութեան, եթէ մարդոց իրաւունքները յարգելու մեծ ճիգեր չթափուէին:
Նման հարցեր տեղի ունեցած են նաեւ ուրիշ երկիրներու պարագային, ուր մարդկային իրաւունքները յարգանքի պակասին պատճառով, ինչպիսին էր պարագային Պրազիլի, Չինաստանի կամ Ռուսիոյ:
2022-ի Մոնտիալի 32 Խումբերը
Արժանթին, Պրազիլ, Անգլիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Պելճիքա, Փորթուգալ, Գերմանիա, Հոլանտա, Ուրուկուէյ, Խրուաթիա, Դանիա, Մեքսիքա, Միացեալ Նահանգներ, Սենեկալ, Կալես, Լեհաստան, Աւստրալիա, Ճափոն, Մարոք, Զուիցերիա, Ղանա, Հարաւային Քորէա, Քամերուն, Սերպիա, Քանատա, Քոսթա Ռիքա, Թունուզ, Սէուտական Արաբիա, Իրան, Էքուատոր եւ հիւրընկալ երկիրը` Քաթար:
Ժպտող Արեւը
2010 թուականէն ի վեր ՍՏՕ ամերիկեան անջրպետամեքենան կը դառնայ երկրագունդին շուրջ` արեւը ուսումնասիրելու համար: 26 հոկտեմբերին ան հաճելի նկար մը կրցած է առնել արեւէն. նկարին մէջ կարծէք արեւը կը ժպտի: Անոր վրայի աչքերը եւ բերանը կազմող սեւ բիծերը փոթորիկի շրջաններ են: Արեւային քամիները դէպի անջրպետ կը ղրկեն իր ելեկտրականութեամբ լեցուած փոշիներ, նման` երկրագունդին վրայ փոթորիկի մը ընթացքին յառաջացած ելեկտրականութեան:
Յիշենք, որ արեւը աստղ մըն է, միլիոնաւոր աստիճան տաքութեամբ այրող կազի գունդ մը: Ան շատ շարժուն է:
Հետաքրքրական
Լուսինին Ծնունդը
Տեւած Է Քանի Մը Ժամ…
Լուսինը ծնած է 4,5 միլիառ տարիներ առաջ, երկրագունդին եւ ուրիշ մոլորակի մը` Թէայի միջեւ բախումի մը պատճառով: Մինչեւ այսօր գիտնականները համոզուած էին որ լուսինը կազմուած է յատկապէս Թէայի կտորներէն, որոնք տարիներու ընթացքին իրարու միացած են: Սակայն վերջին տարիներուն կատարուած վերլուծումները ցոյց կու տան, որ լուսինը կազմուած է գլխաւորաբար երկրագունդէն յառաջացած նիւթերէ: Ըստ մասնագէտներուն, ան յայտնուած է միայն քանի մը ժամէն: Սակայն այս հաստատումը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ: Պատասխանները գտնելու համար անհրաժեշտ է լուսին վերադառնալ հետախուզելու համար տակաւին անծանօթ մնացած բոլոր շրջանները, ինչպէս` անոր «պահուած կողմը» կամ բեւեռները»: Ասիկա «Արտեմիս» ծրագրին նպատակն է:
«Արտեմիս» անջրպետանաւը իր պաշտօնը պիտի սկսէր օգոստոսի վերջաւորութեան, սակայն բազմաթիւ անգամ անոր արձակումը յետաձգուեցաւ:
Այնուհետեւ նոր թուական մը որոշուեցաւ. անիկա դէպի լուսին պիտի ուղղուի 14 նոյեմբերին: 2026 կամ 2027 թուականին Լուսինի մակերեսէն անոր բերելիք կտորներու ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ գիտնականները շատ աւելի բաներ պիտի կարենան իմանալ լուսինի ծնունդը, ինչպէս նաեւ մեր մոլորակին հոլովոյթին մասին:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս անցնիլ թիւերուն լափիւրինթոսին մէջէն միայն հորիզոնական կամ ուղղահայեաց սլաքներ գծելով ճիշդ պատասխաններուն միջեւ: Պատասխանները գտնելու համար վարի գործողութիւնները լուծէ: Ուշադրութի՛ւն, կարելի չէ թիւերուն վրայ սլաքներ գծել: