Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնարժեւորման Հրամայականը (132-Ամեակ) Գ.

November 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       

Դաշնակցութիւնը կը մնայ անխոցելի,
ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը:

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Լսողաց ենք յաճախ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին երեսնամեակը տարբեր հնչեղութիւն ունեցած է` նկատի առած գործունէութեան ծաւալն ու հզօրութիւնը: Այս նկատառումը իր բովանդակ իրաւացիութեամբ նաեւ կ՛ընդգրկէ ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ շատ անգամ մոռացութեան կը տրուի կամ չի շեշտադրուիր, այդ ալ` կազմակերպական կեանքի ուժեղացումն է հանդիսացած, հակառակ դժուարին թէ դժոխային պայմաններու:

Իսկ ի՛նչն է եղած ամենակարեւոր ազդակը այս հզօրացման, եթէ ոչ այն պարզ ըմբռնումը` հաշուետուութիւնը, որեւէ մտածումի թէ արարքի, յատկապէս երբ տուեալ աշխատանքի ետին կը կանգնէին խոնարհ ֆետայիներ, պատասխանատու գործիչներ թէ ղեկավար տարրեր:

ՀՅ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ այնքան շատ են նմանօրինակ պատումներն ու դիպաշարերը, որոնցմով կարելի է սերունդներ դաստիարակել, նոյնիսկ 21-րդ դարու այս այլանդակ, տխեղծ եւ ապաշնորհ օրերուն:

Պիտի ըսուի, որ լոկ այս հաշուետուութիւն բառով կարելի՞ է կազմակերպական կեանք մը ամբողջ հունաւորել, եթէ երբեք անոր կիզակէտին չըլլան բազում այնպիսի արժանիքներ, որոնք հանդիսացած են յենասիւները մեր կազմակերպութեան եւ զինք մղած են ստանձնելու ազգի մը ճակատագիրը ճշդորոշող աշխատանքներ:

Յիշեցման կարգով ընդգծենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եթէ երբեք կրցած է իր ազգային տեսլականն ու ապագայակերտ մտածումները իրականութիւն դարձնել, ապա ատիկա իրագործուած է շնորհիւ գերազանցապէս մարդկային պահուածքին եւ առաւելաբար հայաշունչ հոգեկերտուածքին:

Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութիւնը օրին գիտակցած էր վերոնշեալ ճշմարտութեան, եւ` շնորհիւ իր ունեցած պայծառատեսի եւ իմացական բարձր մշակուածութեան, կրցած է մարմնաւորել դաշնակցականի տիպարը եւ սեփական օրինակով  առաջնորդել հսկայական փաղանգներ: Իրօք, դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ` ականջալուր ըլլալով նման մեծութիւններու պատգամին, իրենց կարգին, արեամբ ջրդեղեցին ՀՅ Դաշնակցութեան տաճարը:

Այո՛, անվարան եւ հպարտութեամբ կրնանք արձանագրել, որ դաշնակցականի նկարագիրը իր մէջ կը խտացնէ այնպիսի տարրեր, որոնք իւրայատուկ են եղած հայ կեանքին մէջ, մանաւանդ որ տասնամեակներ շարունակ եւ առանց ինքնաժխտումի հայ երիտասարդ սերունդներ տէր են կանգնած նման ազգավայել պահուածքի:

Հարց կը տրուի մեր օրերուն, արդեօք անցեալի ու ներկայի դաշնակցական պահուածքին մէջ փոփոխութիւն չկա՞յ, կարգախօսերու, ըմբռնումներու, մօտեցումի թէ գործելակերպի տարբերութիւններ զգալի չե՞ն, կամ` կազմակերպական կեանքի մէջ չկան թերութիւններ, բացթողումներ ու շատ անգամ հեղինակազրկող երեւոյթներ:

Անշուշտ որ կա՛ն, բնական է որ ըլլան: Իսկ մեր կազմակերպութիւնը արդեօք բացառութի՞ւն է համայնակուլ թէ աշխարհասասան պայմաններու յորձանուտին մէջ, երբ պետութիւններ կը քանդուին, երկիրներ կը տարբաղադրուին:

Այդուհանդերձ, ինքնարդարացումի ոչ մէկ պատճառ պէտք է փնտռել, երբ հարցը կը վերաբերի ինքնարժեւորման կամ ինքնաքննութեան: Իսկ այս սրբազան իրաւունքն ու հասկացութիւնը մեզի տրուած է նոյնինքն ՀՅԴ կանոնագիրով, ուր յստակ կը տողանցեն կազմակերպական կեանքի ուժեղացման գործառոյթները:

Արդարեւ, որքա՛ն կը թուլանայ ինքնաքննութեան կամքը, աւելի՛ն. որքա՛ն կը հեռանանք ինքնաքննադատութենէ, այնքան մօտեցած կ՛ըլլանք քաոսային վիճակներու, բայց մանաւանդ դիմացինի` կուսակցականի, համակիրի թէ հակառակորդի,  այսպէս ըսած, խիստ վերաբերումին, վստահութեան նուազումին եւ շատ անգամ արհամարհանքին:

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Յաջորդը

Ուղղահայեաց Առանցքը` Օգուտ, Հորիզոնականը` Միայն Ենթակայութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.