Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.800 լ. ոսկի է:

ՀԱնՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի խորհրդարանին մէջ արտասանած խօսքը` կառավարութեան կազմութեան մասին, մասնատուած է եւ անճիշդ ու անստոյգ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը ժողովի հրաւիրեց երկուշաբթի, 7 նոյեմբեր 2022-ին, քննարկելու համար 8 օրինագիծեր:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պէտք է որդեգրել երկխօսութիւնը` իբրեւ միակ ելք տիրող ներկայ տագնապալի կացութենէն դուրս գալու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 9000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 13.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 729.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 745.000 լ. ոսկի, մազութը` 840.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 421.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուատտահ Սատեքը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութին վերաբերող հարցեր` ծառայութեան եւ բարգաւաճման մակարդակներուն վրայ:

Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի: Քննարկուեցան լրատուական մարզին վերաբերող հարցեր:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Այաքի Այթոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած քայլերը` դիւրացնելու համար կամովին Սուրիա մեկնիլ փափաքող տեղահանուածներու տունդարձը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանը փրկութեան հունին մէջ դնելու միակ լուծումը  հանրապետութեան բարեկարգչական նախագահ մը ընտրելուն մէջ կը կայանայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա պիտի շարունակէ զօրակցիլ երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան` նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ 30 հոկտեմբեր 2022-ին, Պեքաայի Ամմիք գիւղաքաղաքին մէջ գտնուած է Հ. Օ.-ի դիակը: Ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընդգծեց, որ աւելի ուշ կարելի եղած է բացայայտել, թէ Հ. Օ. սպաննուած է իր ընկերոջ Մ. Օ.-ի կողմէ, իսկ պատճառը եղած է այն, որ անոնց միջեւ կար նաեւ առեւտրական գործակցութիւն, եւ վերջին ժամանակշրջանին Հ. Օ. անդադար իր ընկերոջմէ կը պահանջէր կատարել նիւթական իր պարտաւորութիւնները:

 

Նախորդը

Յառա՛ջ, Մի՛շտ Յառաջ, Թէկուզ Խելագարած

Յաջորդը

«Էմ.Թի.Վի.» Կայանի Քաղաքական Հաղորդումներէն Մէկը Կը Վերածուի Քաոսի Եւ Բախումներու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.