Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Յաջորդ Նիստը` 10 Նոյեմբերին

November 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը Յանձնարարեց Ընթացիկ Հարցերու
Կառավարութեան Իր Պարտականութիւնները
Շարունակել` Ըստ Սահմանադրութեան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարուեցաւ լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու մասին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը:

Անդրադառնալով կարգ մը երեսփոխաններու կատարած յայտարարութիւններուն` Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը նախապէս գումարած է լիագումար մը, որուն ընթացքին կարդացած է հանրապետութեան նախագահին յղած մէկ այլ նամակը:

Ան յոյս յայտնեց, որ նիստին մասնակցութեան առումով յետին նպատակներ չըլլան` աւելցնելով, որ ինք համայնքային լարուածութեան կոչերուն առիթ պիտի չտայ:

Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ ժողովը թատրոնի չվերածուի, այլ` հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:

Խորհրդարանին ուղղուած նամակը կարդալու ընթացքին, լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին բարեկարգչական երեսփոխանները, որոնց անունով երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ խորհրդարանը նման նիստ չի կրնար գումարել` աւելցնելով, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն երեսփոխաններուն մնայուն նիստեր գումարելու` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքը իր կարգին դուրս ելաւ դահլիճէն:

Պլոքին անունով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն ներկայ գտնուիլ այս նիստին, որուն նպատակն է համայնքային սադրանք ստեղծել եւ ուղղուիլ դէպի քաոս:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ խորհրդարանը պէտք է նախագահական ընտրութեան բաց նիստերու մէջ ըլլայ եւ փորձէ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան կազմութիւնը չէ փափաքած եւ անոր մէջ ոչ մէկ շահ նկատած է:

Պասիլ ընդգծեց, որ Միքաթի դիտմամբ պատճառած է նաեւ կառավարական դատարկութիւնը, որ սահմանադրական նախընթաց մըն է, եւ որուն վտանգէն նախկին նախագահ Աուն փորձած է զգուշացնել:

«Կառավարութեան կազմութեան կարիք չկայ արտայայտութիւնը սահմանադրական վտանգաւոր նախընթաց է, եւ ան նախապայման դրած է կառավարութեան տրուելիք վստահութեան քուէն, եւ երբ վստահութեան քուէի իմաստով խոստում չէ ստացած, ապա որոշած է կառավարութիւն չկազմել», յայտնեց Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին բոլորը ընդունած են, թէ կառավարութիւնը նիստ մը չի կրնար գումարել, բացի եթէ շատ հրատապ հարց մը պատահի:

«Մենք կը մերժենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վրայ հոգատարութիւն պարտադրուի` կառավարութիւն կազմելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով», հաստատեց ան:

Միքաթի, պատասխանելով Պասիլի կողմէ իր վարչապետ նշանակումին օրինականութիւնը հարցականի տակ առնելու քայլին, ըսաւ. «Օրին պէտք չէր ընդունէի վարչապետի պաշտօնը, սակայն երբ դուն պահանջեցիր, որ մերժեմ վարչապետի պաշտօնը, ընդունեցի զայն»:

Իր կարգին, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ սահմանադրական առումով չկայ յօդուած մը, որ իրաւունք կու տայ կամ կ՛արտօնէ վարչապետին նշանակումը յետս կոչել:

Ատուան նկատել տուաւ, որ սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները պիտի փոխանցուին գործող կառավարութեան եւ ոչ թէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան:

Ատուան շեշտեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի նիստին ներկայ պիտի գտնուի եւ պիտի ընտրէ երեսփոխան Միշել Մուաուատը:

Նիստին աւարտին խորհրդարանը յանձնարարեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան իր պարտականութիւնները շարունակել` ըստ սահմանադրութեան:

Նախորդը

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Ֆայսալ Սայեղի, Ուատտահ Սատեքի, Ֆարիտ Հայքալ Խազենի, Սինթիա Զարազիրի Եւ Սայիտ Ասմարի Դէմ Ներկայացուած 5 Վիճարկումները

Յաջորդը

Ալիեւ Էրտողանին Յայտնած Է Սոչիի Եռակողմ Հանդիպումի Մասին Տեղեկութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.