Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Հաւաքական Յիշողութեան Պահպանումը` Կենսական

November 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը նոր սերունդները հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւոր խնդրին դէմ յանդիման կը գտնուին:

Հաւաքական յիշողութիւնը սնուցանելու պատմութիւնները, որոնք վերապրողներու ապրած ոդիսականներուն սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտաւորութիւնը ունին իրերայաջորդ սերունդները, ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց ուժն ու վաւերականութիւնը, եթէ զանոնք յիշող եւ փոխանցող անձերը կորսնցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը եւ տարուին այլ բաներով, որոնք պէտք է ըսել, այս օրերուն շատ տիրական են: Համացանց, առօրեայ հոգեր, ապագայի ծրագրերու հետապնդում, մոլութիւններ, գործ, աշխատանք եւ ուրիշ բազմաթիւ բաներ կը խանգարեն սերունդներու միջեւ Ցեղասպանութեան պատմութիւններու փոխանցման հոլովոյթը` զայն մոռացութեան տալու դանդաղ եւ սպաննիչ արարքներու յորձանուտին առարկայ դարձնելով:

Նախապէս` եօթանասունական, ութսունական եւ մինչեւ իսկ ինիսունական թուականներուն, վերապրողներու վկայութիւնները հաւաքական յիշողութեան սնուցման կը նպաստէին: Բայց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու սերունդին անհետացման հետ պատմութիւնները, զորս վերապրողները կը պատմէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, կամաց-կամաց լռութեան պատին գամուելով` իրենց տեղը զիջեցան այլ բաներու, հաւաքական յիշողութեան ծանր հարուածներ հասցնելով:

Այսօրուան սերունդը չէ լսած վերապրողի մը պատմութիւնը նոյնինքն այդ վերապրողէն: Չէ զգացած ու տեսած այն տառապանքն ու վախը, որոնք պատմողին աչքերէն կը հոսէին, երբ ան վերյիշէր այն ամէն ինչը, որ ապրած էր Ցեղասպանութեան օրերուն: Այսօր պատմութիւնները կը պատմուին երրորդ սերունդին կողմէ, որ բախտաւոր եղաւ իր ընտանեկան երդիքին տակ ունենալու մեծ մայր մը եւ մեծ հայր մը, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած էր, որբանոց մնացած եւ ապա անկէ դուրս գալով` նոր կեանք սկսած էր, միշտ հաւատալով, որ օր մը հայրենի քաղաք եւ գիւղ պիտի վերադառնայ: Հօրենական տուն վերադառնալու յոյսին չքացման զուգահեռ, ապրուած ցաւին ու տառապանքին խորութիւնը, սակայն, մնացած էր նոյնը, թէեւ պէտք է նշել, որ սպիացած վէրքերը, ճիշդ է, որ չէին արիւնէր յաճախակիօրէն, սակայն ցաւն ու տառապանքը յիշողութեան մէջ քանդակուած էին, եւ որոնք կը նպաստէին, որ պատմողը իր պատմութիւնը նոր թափով եւ կշռոյթով կրկնէ ու կրկնէ` առանց յոգնելու եւ ձանձրանալու: Ասիկա նպաստեց, որ պատմութիւնը լսող պատանին եւ երիտասարդը ամէն ինչ իմանան եւ ընկալեն նոյնինքն աղբիւրէն: Այսօր պատմութիւնները սկզբնաղբիւր անձերէն չէ, որ կը լսուին: Զանոնք լսողներն են պատմողները եւ ոչ թէ` ապրողները:

Կայ այլ հանգամանք մըն ալ: Եթէ երեսուն-քառասուն տարի առաջ անձ մը կրնար եւ կարելիութիւնները ունէր իր մօրենական եւ հօրենական գերդաստաններուն ծառերը գծել ու պատրաստել` Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն  օժանդակութեամբ, այսօր նման բան կարելի չէ, որովհետեւ, լաւագոյն պարագային, միայն երկու սերունդի ներկայացուցիչներու մասին կրնայ տեղեկութիւններ հաւաքել: Ես, օրինակի համար, հօրս գերդաստանին ծառը գրեթէ կազմած եմ մեծ մօրս եւ հօրաքրոջս փոխանցած տեղեկութիւններուն հիմամբ: Անուններ` հօրեղբայրներու եւ հօրաքոյրներու, մօրեղբայրներու եւ մօրաքոյրներու, նաեւ` անոնց զաւակներուն, որոնք կա՛մ զոհ գացած են Ցեղասպանութեան, կա՛մ ճակատագրի դառն խաղերով ցիր ու ցան եղած են աշխարհի չորս ծագերուն: Հօրս մօրաքոյրերուն զաւակները Երուսաղէմէն անցած են Նիւ Եորք, Նոր Զելանտա եւ Յունաստան: Մօրս մօրաքոյրը` Ֆրանսա, քեռին` Զուիցերիա: Անոնց զաւակներէն քանի մը հատը` Գերմանիա եւ Շուէտ: Մօրենական մեծ հայրս թաղուած է Քոնէյթրա, Սուրիա: Մեծ մայրս` Լաթաքիա, մեծ մօրաքոյրս` Դամասկոս, փոքր մօրաքոյրս` Քանատա: Երրորդ զարմիկներ ունիմ Դամասկոս, Պեռն, Լիոն, Դանիա եւ Յունաստան: Եւ այսպէս` ցիր ու ցան սերունդներ, որոնց մեծ մասը, եթէ Ցեղասպանութիւնը չծրագրուէր եւ չգործադրուէր, հաւաքաբար նոյն վայրին մէջ պիտի ապրէին:

Պատմութիւնները սերունդէ սերունդ փոխանցելու առաքելութիւնը բոլորիս ճիտին պարտքն է: Սակայն անոնց ազդեցութեան չքացումը անխուսափելի է զանազան պատճառներով, բայց այս իրողութիւնը մեզ պէտք չէ վհատեցնէ: Հաւաքական յիշողութեան սնուցման հոլովոյթը պէտք չէ չքանայ: Ասոր պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ բոլորիս ուսերուն:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻՆ

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Արցախը Ցոյց Կու Տայ Վերականգնումի Լուսաւոր Ուղին

Յաջորդը

Փոլ Փոկպա Պիտի Բացակայի 2022- Մոնտիալէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.