Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Հայաստանի Վարչապետն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Հրաւիրած Է Ռուսիա` Եռակողմ Հանդիպումի

October 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Ռուսիա` եռակողմ հանդիպում կատարելու նպատակով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ հրաւէրը կատարուած է Ասթանայի Քոնկրեսի կեդրոնին մէջ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովի ընթացքին:

«Ես հաճոյքով թէ՛ Ազրպէյճանի նախագահը, թէ՛ Հայաստանի վարչապետը կը հրաւիրեմ: Պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել թուականին շուրջ: Ես այնպէս կը հասկնամ, որ հետաքրքրութիւնը կայ, Ռուսիոյ մէջ որեւէ ժամանակ, որեւէ վայրի մէջ` Սոչիի, Ս. Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի մէջ հանդիպելու: Մենք ձեզի հետ պիտի քննարկենք եւ պիտի որոշենք», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Փութին նաեւ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութեան, որուն մէջ ան Ռուսիան մեղադրած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը սրելու, շրջանին մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու յանցանքով: Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները անպարկեշտ են եւ անընդունելի:

«Ի հարկէ, մենք կ՛ողջունենք ոեւէ մէկուն միջնորդական ջանքերը, միայն թէ անոնք ըլլան կացութիւնը հանդարտեցնելու, տագնապներու բոլոր մասնակիցներու օգտին: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ գործընկերներու միջնորդութեան, ըլլան անոնք Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն: Ատոր հետ մէկտեղ, ես զարմանքով կարդացի 6 հոկտեմբերին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի արդիւնքներուն վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահին մեկնաբանութիւնները: Կը կարծեմ, որ այդ յայտարարութիւններուն մէջ կը բացակայի բուն տագնապի ընթացքի ընկալումը եւ, ըստ ամենայնի, կը բացակայի կողմերու դիրքորոշման մասին տեղեկատուութիւնը, ուստի զանոնք պարկեշտ չէ հնչեցնելը: Սակայն կարելիութիւն պիտի ըլլայ, պէտք է տակաւին Ֆրանսայի նախագահին հետ ատիկա քննարկել: Ամէն պարագային, Ռուսիան միշտ անկեղծօրէն ձգտած է կարգաւորել որեւէ տագնապ, ներառեալ նաեւ Ղարաբաղի եւ անոր առնչուած հարցերը», ըսած է Փութին:

Խօսելով ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ տագնապներու մասին` Փութին նշած է, որ պէտք է ձգտիլ ստեղծուած կացութեան լաւագոյն ելք փնտռելու:

«Ի հարկէ, ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան բոլոր դրական դրսեւորումներուն պարագային պէտք է հասկնալ, որ, ցաւօք, երբեմն ի յայտ կու գան տարակարծութիւններ եւ տագնապներ: Պէտք է, ի հարկէ, ձգտիլ ելք փնտռել ստեղծուած կացութենէն, ուր ալ անիկա յառաջանայ: Բարի կամք, իմ կարծիքով, բոլորն ալ ունին, պէտք է այդ բարի կամքը առաւելագոյնս օգտագործել», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:

 

Նախորդը

Պորել Կը Յիշեցնէ, Որ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Ետ Քաշելու Իր Զինեալ Ուժերը

Յաջորդը

«Փաշինեան Եւ Էրտողան Համաձայնած Են Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցով Հանդիպումները Կատարել Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Մէջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.