Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեան Եւ Էրտողան Համաձայնած Են Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցով Հանդիպումները Կատարել Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Մէջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

October 15, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան համաձայնած են յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հանդիպումները կատարել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Մեր յատուկ ներկայացուցիչները չորս անգամ հանդիպած են: Հետագայ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: Մենք անկեղծօրէն կը վերաբերինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, հիմնական խնդիրը այն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ ստորագրուած:

«Մենք Ազրպէյճանի հետ համաձայնեցուած քայլեր կը ձեռնարկենք», ըսած է Չաւուշօղլու:

Չաւուշօղլու «Թի.Վի.Նեթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ երկուստեք յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ իրենք անկեղծ են, որովհետեւ յատկապէս բոլորին եւ գլխաւորաբար Հայաստանին շատ անհրաժեշտ է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը: «Հայաստանը, սակայն, որոշակի ցնցումէ վերապրած է, եւ ատիկա պէտք է հասկնալ… Պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդի Փաշինեանին աջակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք խաղաղութիւն կ՛ուզեն, իսկ խաղաղութիւն չուզողներու ձայնը բարձր կու գայ յատկապէս հայկական սփիւռքէն: Եւ ասիկա ճնշում է: Հայաստանն ալ պէտք է ասիկա հասկնայ»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշած էր, որ Պրիւքսելի եւ Փրակայի մէջ վերջին բանակցութիւնները նախորդներուն համեմատ աւելի լաւ անցած են: Ըստ անոր, անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը ստորագրեն մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր: Սակայն այդ մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին տանող ճամբուն վրայ ալ կան այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսիք են օրինակ սահմաններու ճշգրտումը եւ սահմանազատումը:

«Մենք յստակ կ՛ըսենք, որ ի հարկէ, Ազրպէյճանէն ամբողջովին անկախ շարժիլ չենք կրնար: Ասիկա պէտք է բացէ ի բաց ըսել: Օրինակ` 2009-ին որոշակի նեղութիւն յառաջացաւ, այն ժամանակ հոլովոյթը կրնար աւելի լաւ կառավարուիլ Ազրպէյճանի հետ: Իսկ հիմա մեր նախագահը եւ Ազրպէյճանի նախագահը մնայուն հաղորդակցութեան մէջ են, Ճէյհուն (Պայրամով, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար, «Ա.») եղբօրս հետ ալ միշտ հաղորդակցութեան մէջ ենք: Ի հարկէ, մեր այս համագործակցութիւնը ուղղուած չէ Հայաստանի դէմ», յայտնած էր ան:

Չաւուշօղլու նաեւ նշած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար իրենք բազմաթիւ ժեսթեր կ՛ընեն. բացած են օդային տարածք, ուղիղ թռիչքներու սկսած են, սահմանային գօտիին մէջ աշխատանքներ կը կատարուին եւ այլն:

«Սահմանին վրայ գետեր կան, պէտք է ուսումնասիրել անոնց հունի փոփոխութիւններ եղա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Ճամբաներ, կամուրջներ, անցումներ կան: Այսինքն, վաղը եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, սահմանները պէտք է բացուին, եւ ատոր համար նախապատրաստութիւն պէտք է տեսնել», ըսաւ ան:

Չաւուշօղլու աւելի ուշ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Յառաջիկային մենք չենք նախատեսեր Հայաստանի հետ համաձայնագիր ստորագրել, ուղղակի կը քննարկուի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութիւնը»:

Նախորդը

Փութին Հայաստանի Վարչապետն Ու Ազրպէյճանի Նախագահը Հրաւիրած Է Ռուսիա` Եռակողմ Հանդիպումի

Յաջորդը

Էրտողան. «Ես Զանգեզուրի Միջանցքի Հարցին Մէջ Խնդիրներ Չեմ Տեսներ»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.