Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.800 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի վաղը տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին թուականը փոփոխութեան ենթարկելու մասին յայտնեց, որ ինք բնաւ տրամադիր չէ թուականը փոխել` աւելցնելով, որ 13 հոկտեմբերը պաշտօնական տօնացոյցին մէջ չէ նշուած, եւ ինք յանձնառու կը մնայ միայն տօնական օրերուն նիստերու չհրաւիրելու: «Ո՛վ որ նիստէն բացակայի, իր կեցուածքին պատասխանատուութիւնը կը կրէ, իսկ եթէ օրինաթիւ չգոյանայ, ապա ես այլ նիստի մը կը հրաւիրեմ», նշեց Պըրրի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վաւերացուց 2022-ի պետական ամավարկը եւ զայն ուղարկեց հանրապետութեան նախագահութեան: Նշենք, որ ամավարկը արդէն իսկ վաւերացուած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 7000 լ. ոսկիով, մազութը` 19.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազի շիշը` 3000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 717.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 734.000 լ. ոսկի, մազութը` 850.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 434.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումին վերաբերող դրական լուրերն ու անոնց ունենալիք ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համախմբումը պիտի մասնակցի վաղը` հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ին գումարուելիք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իր պարտականութիւնը կատարեց եւ Լիբանանը հզօր դիրքի վրայ զետեղեց: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է Ռաս Նաքուրան պահանջէ այնպէս, ինչպէս եղած է անոր կարգավիճակը 1926-ին, 1949-ին եւ 2000-ին: Ան շեշտեց, որ Ռաս Նաքուրայի լիբանանեան ինքնութիւնը չհաստատող համաձայնութիւն մը պիտի փճացնէ Լիբանանի իրաւունքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի գործակցութիւնը` ապահովական մարզին մէջ:

 

Նախորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հանդիպումը Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Տորըթի Շիայի Հետ

Յաջորդը

Ժահժահ Պու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.