Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաքու-Ստեփանակերտ Յարաբերակցութեան Նախանիշը

October 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն բխած լրատուութիւնը ուշագրաւ բաժին ունի, որ հետեւեալն է.

«Նոր յարձակումներու կանխարգիլման պարունակին մէջ ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային գործիքակազմերու ներդրման կարեւորութիւնը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման ու Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմի ստեղծման վերաբերեալ:

Համաձայնութիւն գոյացած է  շարունակելու քննարկումները` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման»:

Առաջին բաժինը մտածել կու տայ, որ կայ ամերիկեան պատկերացում սահմանային գօտիին մէջ մշտադիտարկման առաքելութիւն ուղարկելու, որ պիտի ունենայ նաեւ իրավիճակը վերահսկելու գործառոյթ: Հոս շեշտուած ձեւով կ՛երեւայ սահմանազատման գործընթացին մէջ ներգրաւուելու ամերիկեան նախաձեռնութիւնը, որ տարբեր առիթներով արտայայտուած էր ամերիկացի դիւանագէտներուն կողմէ. պատրաստ են թեքնիքապէս օժանդակելու սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին:

Կեդրոնանանք երկրորդ կէտին վրայ. արագ նշենք, որ հիմնական համաձայնութիւնը այս եռակողմ խորհրդակցութեան քննարկումները շարունակելն է. շրջածիրը ընդլայնուած է եւ ներառած տարածաշրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Պարզապէս կ՛ըսուի, որ Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրը բեկումնային նշանակութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման մէջ: Կը թուի, որ առանց յղում կատարելու, ըստ էութեան արծարծուած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը:

Ուրեմն. միջանկեալ բաժինին ամէնէն յատկանշական տողը` «միտքեր փոխանակուած են Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմի ստեղծման վերաբերեալ»:

Նման զգայուն ձեւակերպումներու բնագիրներու համեմատութիւնը կատարելու համար պէտք է դիմել մասնակից կողմերու պաշտօնական կայքերուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած լրատուութիւնը  չէ ներառած Պաքու- Ստեփանակերտ յարաբերակցութեան նշումը: Բնականաբար այս ձեւակերպումը կը բացակայի եռակողմ խորհրդակցութիւնը լուսաբանող ազրպէյճանական պաշտօնական լրահոսներուն մէջ:

Երբ հայկական կողմը նման շատ կարեւոր յարաբերակցութեան մասին պաշտօնապէս նշում կը կատարէ, կը նշանակէ, որ այդ թեման արծարծուած է: Ճիշդ է, որ չկայ որեւէ համաձայնութիւն այդ մասին, բայց առաջադրանքը արծարծուած է յայտնապէս:

Անմիջապէս յիշենք, որ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին նիստը բանակցային սեղան վերադարձի մասին առաջադրանք վերապահած էր իր յայտարարութեան մէջ. «Մենք պատրաստ ենք Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարելու տագնապի լուծման շուրջ` բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման պարագային, ուր Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցուած է իբրեւ լիիրաւ կողմ»:

Եռակողմ այս հաղորդակցութեան լրատուութեան մէջ կատարուած նշումը նոյն տարողութիւնը չունի անշուշտ: Բերձորի միջանցքի փակման եւ նոր երթուղիի բացման գործընթացին, գործնական հարցերու լուծման համար համատեղ հանդիպումներ կայացած էին արցախեան եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու համապատասխան մարմիններուն միջեւ:

Հիմա, երբ խաղաղութեան ծրագիրի հինգ կէտերը հրապարակուած են, երբ «գաղտնազերծուած» են «հաւաստի աղբիւր»-էն ստացուած միակողմանի պահանջները, Պաքու-Ստեփանակերտ ուղղակի յարաբերութիւններու նշումը կը թերիմաստաւորուի:

Այս բոլորով հանդերձ եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաւանական արծարծումը այդ թեմային անհանգստացուցած է Պաքուն, որուն ղեկավարը Ազրպէյճանի քաղաքաշինութեան ազգային համաժողովի ընթացքին յայտարարած է. «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ ապրող հայերը մեր քաղաքացիներն են, եւ մենք միջազգային որեւէ կեդրոնի հետ պիտի չքննարկենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարգաւորենք անոնց կեանքը»: Ուղերձը եռակողմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նախաձեռնած ամերիկացի գլխաւոր դիւանագէտին ուղղուած է:

Այս արծարծումները կը նախանշեն որոշակի նախադրեալներ` նոր գործիքակազմերու տեղակայման առաջադրանքով միջազգային առաքելութիւններ եւ  ձեւաչափեր ի գործ դնելու պատրաստակամութիւններու մասին: Իսկ Պաքու-Ստեփանակերտ յարաբերակցութիւնը կրնայ երեւիլ նաեւ շահագրգիռ պետութիւններու պաշտօնական կայքերուն վրայ, եթէ ի պահանջել հարկին  ճնշամիջոցային խաղաթուղթ օգտագործելու անհրաժեշտութեան պահ ձեւաւորուի:

«Ա.»

Նախորդը

Ըստ «Միլլիեթ»-ի. Փաշինեան-Էրտողան Հանդիպումը` Այսօր

Յաջորդը

Թուրքիան Կ՛ուզէ Մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն Գնուող Կազի Ծաւալը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.