Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկը:
Նիստին ներկայ էին փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարրաուի եւ Միքաթիի խորհրդական, նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ վարչապետի տնտեսական հարցերու խորհրդական Սամիր Տահեր:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Աննա Կեկենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:
Հանդիպումէն ետք Կեկեն յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է` աւելցնելով, որ այսօր եւս քննարկած են Լիբանանի առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին` ծովային սահմանագծումին շուրջ գոյանալիք համաձայնութեան կարելիութիւնը:
Կեկեն շեշտեց, որ Ֆրանսայի համար կարեւոր է նման համաձայնութեան մը գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա մեծ թիւով նամակներ յղած է ու ճիգ թափած` օժանդակելու համար Լիբանանին, այս համաձայնութեան յանգելու:
Կեկեն շեշտեց, որ Լիբանանի համար երկրորդ կարեւորագոյն հարցը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ի վերջոյ կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ երկրին տնտեսական աճը հունաւորել:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Միքաթիին ներկայացուցած է զբօսաշրջութեան վերաբերող հարցերն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ աշնան եւ ձմրան եղանակներուն համար զբօսաշրջական նախապատրաստական աշխատանքներ իրագործելու քայլերը, նկատի ունենալով ամրան եղանակին արձանագրած մեծ յաջողութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանին 6 միլիառ տոլար ապահովել:
Նասսար հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական գործընթացներուն իրագործումն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նասսար նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական է, եւ անիկա կարելի պիտի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրին եւ Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ աղբահանման աշխատանքներուն համար Սայտայի քաղաքապետութեան վճարուելիք գումարները, որոնք ընդհանրապէս Քաղաքապետարաններու անկախ սնտուկէն կը տրամադրուէին:
Անոնք աւելցուցին, որ աղբահանման համար այդ սնտուկէն 42 միլիառ լ. ոսկի կը տրամադրուէր Սայտայի քաղաքապետութեան, մինչդեռ ներկայիս ելեւմուտքի նախարարութեան որոշումով Քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան սնտուկէն վճարուելիք գումարը մէկուկէս միլիառ լ. ոսկի է, հետեւաբար այդ գումարը անբաւարար է:
Հարիրի եւ Սէուտի պահանջեցին, որ քաղաքապետութեան վճարումը կատարուի այնպէս, ինչպէս կը կատարուէր, այսինքն` Քաղաքապետարաններու անկախ սնտուկէն:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ամին Շըրրի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի:
ՆՇԵՆՔ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիէն խնդրած է կառավարութեան նոր կազմին մէջ զինք նկատի չունենալ:


