Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանագծումը` ԵԱՀԿ-ի Եւ ԱՊՀ-ի Միջեւ

October 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհագրական եւ քաղաքական տարբեր միջավայրերէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացին առնչութեամբ կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ: Ռուսիոյ նախագահը ազրպէյճանական վերջին յարձակումին առիթով կը հաստատէր, որ խնդրի լուծման բանալին սահմանազատումն է երկու երկիրներու միջեւ Ռուսիոյ երաշխաւորութեամբ: Ֆրանսայի արձագանգը չէր ուշանար: Նախագահ Մաքրոն կ՛ակնարկէր սահմանազատման գործընթացին ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը ներառելուն մասին: Աւելի առաջ Միացեալ Նահանգները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին սահմանազատման աշխատանքներուն իրենց թեքնիք օժանդակութիւնները բերելու:

Առաջադրանքը նոյնն է, երաշխաւորողներն ու միջնորդները տարբեր են, աւելի ճիշդ` մրցապայքար կ՛ընթանայ այդ դերակատարութիւնը ստանձնելու ուղղութեամբ: Այս կը նշանակէ, որ  աշխարհաքաղական թէժ կէտի վրայ յայտնուած է մեր երկիրը, որովհետեւ վերջին իրադարձութիւնները աւելի կ՛իմաստաւորեն իրանամերձ կամ սահմանակից շրջանի,  Թուրքիան Ազրպէյճանին կապող կամուրջի եւ ուժանիւթային նոր քարտէսներու եւ այս առումով նոր տարանցիկ ճանապարհները:

Այս մրցապայքարի ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան

(ԱՊՀ) ձեւաչափը կրնայ օգտակար ըլլալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման համար: ԱՊՀ-ի աջակցութիւնը պահանջուած պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակի կարգաւորման համար: Ռուս նախարարը ակնարկած է նաեւ արցախեան հակամարտութեան` ըսելով, որ  նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար այժմ կը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ տեղակայելու կարելիութիւնը: Անոնք կ՛օգնեն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու  եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար, որոնք կը վերաբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման, երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ Արցախ ուղարկելը կամ ԱՊՀ-ի սահմանազատման գործընթացին ներառելը ռուսական կողմէն խաղի կանոնները չփոխելու յայտարարութիւն է եւ պատասխան ՄԱԿ-ը կամ ԵԱՀԿ-ը այս գործընթացներուն ներառելու յայտարարութիւններուն:

Փարիզի ակնարկով չէր սահմանափակուեր անշուշտ սահմանազատման գործընթացին ԵԱՀԿ-ը կամ ՄԱԿ-ը ներառելու մօտեցումը: Պարզ էր, որ նման առաջադրանք պիտի ստանար միջազգային հանրութեան արձագանգը:

Չէր ուշանար ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարին միանալը այս առաջադրանքին:

Իր ֆրանսացի գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Լեհ նախարարը պարզ դարձուցած է, որ ԵԱՀԿ-ը կը քննէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան տարածք առաքելութիւն ուղարկելու հնարաւորութիւնը` պարզ դարձնելով, որ միջնախարարական հանդիպումը  քննարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վերջին զարգացումները եւ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն տարածաշրջան ուղարկելու կարելիութիւնը:

ԱՊՀ-ի առաքելութիւն, ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ, միւս կողմէ` ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն կամ ՄԱԿ-ի ներգրաւում սահմանազատման գործընթացին` աշխարհաքաղաքական մրցապայքարին կու տան սուր հնչեղութիւն:

Այս խայտաբղէտ պատկերը` երաշխաւորութիւն եւ միջնորդութիւն ստանձնելու, կրնայ պատնէշի դեր ունենալ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան դէմ: Հայկական կողմը այս բոլորին մէջ կրնայ նկատել նախադրեալներ գործընթացը եթէ ոչ ուղղակի առկախելու, յամենայն դէպս ձգձգումի տանելու, ինչ որ կը բխի իր շահերէն` տրուած ըլլալով, որ պարտուած կողմին համար ա՛յս պայմաններուն մէջ որեւէ համաձայնութիւն կ՛ենթադրէ միակողմանի զիջումներ:

Հիմա, որեւէ բանակցութիւն պէտք է պայմանաւորել ազրպէյճանական զօրքերու հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէ հեռացումով: Կը թուի, որ այս առաջադրանքը ունի նաեւ միջազգային առ այժմ կոչերու սահմաններուն մէջ լսելի հնչեղութիւն: Ինչ որ տեսանելի կը դարձնէ, թէկուզ կարճաժամկէտ դրուածքով, շահերու համատեղման կառչելի կէտ:

«Ա.»

Նախորդը

Փաշինեան Կ՛անդրադառնայ Հայ Ռազմագերիներու Գնդակահարման Տեսանիւթին

Յաջորդը

«Թուրքիան Չի Կրնար Ճանչնալ Ուքրանական Տարածքներու Ռուսիոյ Միացումը» Կ՛ըսէ Անգարա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.