«Հայաստան պիտի օգտագործէ միջազգային բոլոր գործիքակազմերը ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ հայ ռազմագերիներու խումբ մը գնդակահարելու ռազմական յանցագործութեան հետաքննութիւն ապահովելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Բռնութեան այսպիսի արարքները պէտք է անհրաժեշտ պատասխան ստանան նախայարձակի համար հետեւանքներով»: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած գրառումներու մէջ անդրադառնալով ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ ռազմագերիները գնդակահարելու տեսանիւթին:
«Ընկերային ցանցերու մէջ սարսափելի տեսանիւթ մը եւս տարածուած է: Ազրպէյճանցի զինուորները կը գնդակահարեն հայ ռազմագերիներու խումբը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակօրէն դատապարտէ եւ հասցէական գնահատական տայ այս պատերազմական յանցագործութեան, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկէ Ազրպէյճանի նախայարձակումը կասեցնելու ուղղութեամբ»:
«Հայաստանը պիտի օգտագործէ միջազգային բոլոր մեքանիզմները հետաքննութիւն ապահովելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ: Բռնութեան այսպիսի արարքները պէտք է անհրաժեշտ պատասխան ստանան նախայարձակի համար հետեւանքներով», գրած է Փաշինեան:


