Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Բանակն Ու Հայրենիքը Քայքայուին»

September 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին գաղտնի սպասարկութեան հերոս նահատակներուն յիշատակին դիմաց:

«Գաղտնի սպասարկութեան հերոսները իրենց արիւնը անսակարկ շաղախեցին հայրենի հողին` պաշտպանելու համար հայրենիքն ու անոր գերիշխանութիւնը: Անոնք իրենց խղճին մէջ կրեցին հայրենիքը, եւ առանց անոնց Լիբանանը եւ անոր բանակը մարտահրաւէրներուն չէին կրնար դիմանալ», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը պիտի շարունակէ իր նահատակներուն ուղիով առաջնորդուիլ, որովհետեւ զոհողութիւնը իրենց ճակատագիրն է եւ ոչ թէ ընտրութիւնը: «Այսօր մենք կը մղենք կայունութեան պատերազմը, ընդդէմ` քաոսին, եւ գոյատեւման պատերազմը, ընդդէմ` քայքայումին: Պիտի չարտօնենք, որ բանակը քայքայուի: Պիտի չարտօնենք, որ հայրենիքը քանդուի: Մենք պիտի շարունակենք մեր պարտականութիւնը, որովհետեւ պատմութիւնը կը գրուի նահատակներուն արեամբ, իսկ հերոսները կը կերտուին իրենց զոհողութեամբ», ընդգծեց զօր. Աուն:

Իր կարգին, գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Քահուաժի յայտնեց, որ գաղտնի սպասարկութեան նահատակները ոչինչ խնայած են` զոհելով նաեւ իրենց կեանքը, եւ հետեւաբար անմահացած են ու իրենց նահատակութեամբ մեզի եւ հայրենիքին պարգեւած են փառքի ու հպարտութեան օրեր:

«Կը վերահաստատենք, որ մենք յանձնառու կը մնանք անոնց մատուցած սուղ զոհողութեան` պաշտպանելով Լիբանանը եւ ամրապնդելով քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հզօրացնելով լիբանանեան ներքին խաղաղութիւնը: Լիբանանեան կայունութիւնը կարելի չէ կերտել վախկոտութեամբ, այլ` անոնցմով, որոնք պատուոյ հրապարակներուն վրայ տեսած են ճշմարտութիւնը եւ նահատակուած անոր համար», հաստատեց Քահուաժի:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Ապօրինի Գաղթի Թղթածրարը

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Անդրանիկ Նիստը Ծառայեց Բազկերակները Շօշափելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.