Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի

September 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ հինգշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա աւելի քան անհրաժեշտութիւն է:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է, որպէսզի երկիրը դէպի «սահմանադրական քաոս» մուտք չգործէ:

Պըրրի բարձր գնահատեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի արտասանած խօսքը` սիւննի երեսփոխաններու հանդիպումին ընթացքին:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ միւֆթի Տըրիան իր խօսքին մէջ հաստատած էր նախագահական ընտրութեան գործընթացը սահմանադրական ժամկէտին ընթացքին կատարելու կարեւորութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը փափաքի կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին, սակայն պէտք է սպասել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ հանդիպումին եւ ըստ այնմ լաւատես դառնալ: «Կառավարութեան կազմութիւնը վերջ կու տայ այն բոլոր պատճառաբանութիւններուն, որոնք կը հաստատեն Լիբանանի դէպի սահմանադրական քաոս առաջնորդուելու վարկածին հաւանականութիւնը», նկատել տուաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ, որ երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին երկիրը առաջնորդուի դէպի տեղ մը, որ բոլորին համար անցանկալի է:

Նախորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահին Ժողովրդային Ներկայացուցչութենէն Կարելի Չէ Զիջիլ» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն «Մայյաս»-ը Պարգեւատրեց Լիբանանեան «Արժանեաց» Ոսկեայ Շքանշանով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.