Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Ուքրանիայէն

September 26, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի, Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուքրանիան, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:

Նշենք, որ այս պարտութիւնը Հայաստանի համար յաջորդական չորրորդ պարտութիւնն էր:

Ուքրանիա իր հինգ անպատասխան կոլերը նշանակեց 22-րդ, 57-րդ, 69-րդ, 81-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն:

Երթի մրցումին եւս Ուքրանիա արձանագրած էր յաղթանակ մը, 3-0 արդիւնքով:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ուքրանիա, որ ունեցաւ 10 կէտ, այժմ երկու կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սկովտիայէն:

Իսկ Հայաստան միայն երեք կէտով կը գրաւէ չորրորդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Իրլանտա չորս կէտով` երրորդ դիրքը:

Հայաստան ցարդ նշանակած է երկու կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացած 14 կոլ:

Խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ վերջին հանդիսացողը կը փոխադրուի Գ. դասակարգ:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, երկու կազմերու մարզիչներուն տուած մամլոյ ասուլիսին, հայրենի լրագրողները պահանջեցին գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խուաքին Քափարոսի հրաժարականը` պոյքոթի ենթարկելով այդ մամլոյ ասուլիսը:

Քափարոս ըսաւ, որ ինք մինչեւ 20 նոյեմբեր պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ եւ կրնայ անմիջապէս լքել իր կատարելիք ասուլիսը, եթէ իրեն հարցումներ չունին ուղղելիք:

Հայրենի կազմը, որ երէկ մեկնեցաւ Տապլին, վաղը` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին կը կատարէ իր վերջին մրցումը, դաշտին տիրոջ` Իրլանտայի դէմ:

Ձախողութեան մը պարագային, Հայաստան պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սլովաքիայէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց 3-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

RelatedPosts

Նշմար.  Տաղանդը Միշտ Կայ…
Մարզական

Նշմար. Տաղանդը Միշտ Կայ…

October 7, 2026
Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր

October 7, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.