Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի 2022-2023 տարեշրջանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Պհամտունի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Ռիատի Քֆարմաթթայի դէմ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին Յակոբ Նաճարեան, Ահմետ Տիապ եւ մրցակից կազմին մէկ մարզիկը` սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այսպիսով ՀՄԸՄ ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչն է Յակոբ Կիւլիւմեան: