Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրոնեցքա. «ՄԱԿ Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանին Եւ Տեղահանուածներուն Օժանդակութիւն Տրամադրելու»

September 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամի եւ լիկայի անդամներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Քարամ ողջունեց Վրոնեցքան` նշելով, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամ է:

Քննարկումները կեդրոնացան ՄԱԿ-ի եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութեան հեռանկարներուն վրայ:

Քարամ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վտանգներուն` զարմանք յայտնելով այդ մասին միջազգային կեցուածքին վերաբերեալ, որ կը յանձնարարէ զանոնք միաձուլել լիբանանեան հասարակութեան մէջ, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ հասարակութեան ինքնութեան փոփոխութեան կամ ներլիբանանեան բռնկումի:

Քարամ մաղթեց, որ ՄԱԿ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցին առումով եւ կը նախաձեռնէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Իր կարգին, Վրոնեցքա յայտնեց, որ ՄԱԿ Լիբանանի մէջ կը գործէ իր 25 միաւորներով` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը եւս կը գտնուի Լիբանան եւ անձամբ կը հետեւի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան զօրակցութեան:

Վրոնեցքա գնահատեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնը` հաստատելով, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Վրոնեցքա նշեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ տեղահանուածներուն օժանդակութիւն տրամադրելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ձեռնտու պայմանները ունենալ` անոնց ապահով տունդարձը կազմակերպելու նպատակով:

Նշենք, որ Վրոնեցքա այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի, որուն հետ քննարկեց միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Քննարկուեցան նաեւ արդարութեան նախարարութեան վերաբերող գումակային հարցեր, ինչպէս` Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող Արդարութեան պալատներուն պարզած իրավիճակն ու կարիքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս դատական մարզին մէջ:

Վրոնեցքա Խուրիին ուղղեց լուսաբանական հարցում մը` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ դատաւոր մը նշանակելու մասին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Նախագահական Ընտրութեան Այս Փուլին Աւելի Լաւատես Եմ, Որովհետեւ Սէյիտ Նասրալլա Այս Անգամ Ոչ Ոքի Խոստում Տուած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.