Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Աւազակութեան Դէպք Մը Կը Պատճառէ Չորս Զոհ

September 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցաւ աւազակութեան դէպք մը, որուն ընթացքին զինեալներ փորձեցին գողնալ «Շահին» հիւանդանոցին կից գտնուող բջիջային հեռաձայնի վաճառատուներէն մէկը:

Գնդացիրներ եւ ձեռնառումբեր կրող անծանօթները փորձեցին զինու զօրութեամբ վաճառատունը գողնալ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ վաճառատան մէջ արձանագրուին փոխադարձ կրակոցներ, որոնց պատճառով վաճառատան սեփականատէր Մահմուտ Խտըր եւ անոր երեք ընկերները  սպաննուեցան: Կրակոցը պատճառեց նաեւ վիրաւորներ:

Ժապալ Մըհսենի բնակիչ Մահմուտ Խտըրի եւ անոր ընկերներուն մահուան լուրը շրջանի բնակիչ երիտասարդները մղեց ցասումի: Անոնք իբրեւ զայրոյթի արտայայտութիւն օդին մէջ կրակեցին, մինչ ապահովութեան ուժերը փակեցին դէպի Ժապալ Մըհսեն տանող բոլոր ճամբաները:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հետեւեցաւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած այս դէպքին եւ զայն կոչեց ցաւալի դէպք մը, որուն պատճառով ինկած են չորս զոհեր:

Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` ընդգծելով կացութիւնը զսպելու եւ հակակշռելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական միջոցառումները խստացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ոչ ոքի արտօնուի Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը եւ անոր զաւակներուն խաղաղութիւնը խախտել:

Մաուլաուի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ` անկէ խնդրելով անմիջապէս հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ պաշտպանել քաղաքին կայունութիւնն ու Թրիփոլիի բնակչութեան անվտանգութիւնը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աշքար. «Սեփական Դպրոցներէն 75-100 Հազար Աշակերտներ Պիտի Ուղղուին Պետական Դպրոցներ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.