Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Շնորհաւորէ Իր Զինուորները, Երկիրը Կը Գտնուի Ապահովական Վտանգներու Սեմին, Իսկ Պետական Ամավարկի Ճակատագիրը Անորոշ Է

August 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան հնգամեակին առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք կը խոնարհին ահաբեկչութեան դէմ քաջաբար կռուած, անոր յաղթած եւ զայն Լիբանանէն դուրս շպրտած նահատակ բանակայիններու յիշատակին:

Բանակի հրամանատարութիւնը ողջունեց նաեւ այն բանակայինները, որոնք երդուած են շարունակելու պայքարը, իր բոլոր ձեւերով, ինչպէս նաեւ դիմադրելու ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր մարտահրաւէրներուն` պատիւով, զոհողութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Միւս կողմէ, ելեւմտական եւ ապրուստի տագնապներուն պարտադրած ճնշումներուն զուգահեռ` շրջանառութեան մէջ են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ երկիրը կը գտնուի ապահովական վտանգներու սեմին` նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ ձերբակալուեցան ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներ, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ սկսած էին շարժումներու:

Այլ գետնի վրայ ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ ապահովական կացութիւնը գերզգայուն է` աւելցնելով, որ իրենց ճիգերը կը կեդրոնանան այդ կացութիւնը ամրապնդելու վրայ, ինչպէս նաեւ արգիլելու, որ ահաբեկչական քնացած բջիջները երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապալի իրավիճակը օգտագործեն եւ կացութիւնը աւելի եւս խանգարեն:

Քաղաքական իմաստով տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մօտիկ ապագային խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստի մը` վաւերացնելու համար կարգ մը կարեւոր թղթածրարներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Լիբանանէն պահանջուած  բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին նախապայմաններուն` երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրելու նախօրեակին:

Այս շրջագիծին մէջ սակայն, կայ յստակ արգելք մը, որ կը խոչընդոտէ խորհրդարանական աշխատանքը. այդ արգելքն է կառավարութեան կողմէ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը վերջնական կերպով չճշդելու հարցը, ինչպէս նաեւ տոլարի սակը միաւորելու իմաստով անկարողութիւնը, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացման արգելակումին:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Արեւմտեան Պեքաայի Եւ Ռաշայայի Մէջ Ելեկտրականութեան Կացութեան Վերաբերող Նիստի Մը

Յաջորդը

Այցելութիւն Բանակի Հրամանատարին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.