Իրանը երկար տարիներ ապահոված է Ազրպէյճանը եւ Նախիջեւանը իրարու կապող հիմնական ճամբայ, ինչ որ կը շարունակէ նաեւ այսօր: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւին:
Դեսպանը նշած է, որ Իրան կ՛ընդլայնէ Ազրպէյճանի հետ փոխադրամիջոցային կապերը: «Անոնք կառուցուող երկաթուղիներ են: Իրանը դէմ չէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, (սակայն) կայ գլխաւոր միջանցք եղբայրական Ազրպէյճանի հետ: Այս հիմնական միջանցքը Ազրպէյճանը արդէն 30 տարիէ ի վեր կը կապէ Նախիջեւանի հետ:
«Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ բոլոր հաղորդակցութիւնները իրականացուած են Իրանի տարածքով: Այս միջանցքը մենք կը նկատենք գլխաւորը: Բնականաբար, պէտք է ըլլան այլընտրանքային միջանցքներ: Այսինքն` ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը կապող նոր «միջանցքին», ատիկա կախեալ է երկու երկիրներէն եւ միջազգային հարց է: Մեր երկրին սկզբունքը այն է, որ երկիր մը չի կրնար ազդել մէկ այլ երկրի, ներառեալ դրացի պետութիւնները, ազգային շահերուն վրայ»:
Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ համագործակցութեան հարցին, դեսպանը ըսած է, որ «3+3» խորհրդատուական հարթակը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ համագործակցութեան:
«Այս հարթակի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ: Այս տարի ատիկա տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ: Այս ձեւաչափի ծիրին մէջ մենք կրնանք երկխօսութեան միջոցով լուծել շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Մենք յառաջընթաց կը տեսնենք շրջանին մէջ կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած է Իրանի դեսպանը:


